Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ նախագահեց լիբանանեան բանակին տրամադրուած ամերիկեան, բրիտանական եւ քանատական օժանդակութիւններուն յատկացուած նիստի մը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի, Բրիտանիոյ դեսպան Իյըն Քոլարտի եւ Քանատայի դեսպան Շանթալ Շասթընէյի:
Քննարկուեցան գլխաւորաբար բանակին կատարուած այն օժանդակութիւնները, որոնք երկրին սահմաններուն պաշտպանութեան կը ծառայեն:
Դեսպանները դրուատեցին լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը մաքսանենգումի գործողութիւններուն, ինչպէս նաեւ ապօրինի կերպով Լիբանան մուտք գործելու դէմ պայքարելու առումով:
Անոնք բարձր գնահատեցին նաեւ բանակին ճիգերը` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու եւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու իմաստով:
Անոնք հաստատեցին, որ իրենց երկիրները յանձնառու պիտի մնան լիբանանեան բանակի օժանդակութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ բարելաւել բանակին կարողութիւնները, յատկապէս սահմանապահ ուժերը ամրապնդելով:
Իր կարգին, զօր. Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկեան, քանատական եւ բրիտանական իշխանութիւններուն` լիբանանեան բանակին շարունակ օժանդակելու համար:
Միւս կողմէ, զօր. Աուն երէկ ներկայ գտնուեցաւ նաեւ այլ ժողովի մը, որուն նախագահեց պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սելիմը:
Ներկայ գտնուեցան նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուին, ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլը, առողջապահութեան նախարար Ֆիրաս Ապիատը, ինչպէս նաեւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ալի Համիէն եւ ընկերային հարցերու նախարարի խորհրդական Ուլա Պութրոսը:
Քննարկուեցան բանակին տրամադրուած օժանդակութիւնները ցրուելու գործիքակազմ մը ստեղծելու կարելիութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ օժանդակութիւնները ըստ կարելւոյն արագ տրամադրել օգտուող կողմին:



