Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Դեկտեմբեր 7, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 797 վարակուածներ եւ մահացած 10 ուրիշներ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 23.100 լ. ոսկիի սահմանը:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ ժողովուրդին իրավիճակը: Տար Ֆաթուայէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Ասմար յայտնեց, որ լիբանանցի ժողովուրդին համար ներկայ կացութիւնը այլեւս անհանդուրժելի դարձած է:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Միջազգային դրամատան ներկայացուցիչներուն հետ. անոնք հաստատեցին, որ իրենք յանձնառու կը մնան Լիբանանի կայուն զարգացումին համար երկկողմանի գործակցութիւնը պահպանելու:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի մօտիկ ապագային կառավարութիւնը պիտի հրաւիրէ նիստի մը: Ան նկատել տուաւ, որ հարցերը մօտեցած են լուծուելու, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմագրաւել տիրող դժուար կացութիւնը:

ԺՈՐԺ Քըրտահի շեշտեց, որ ինք անձամբ տուած է իր հրաժարելու որոշումը եւ այդ որոշումը փոխանցած է Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէին:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Հեքթոր Հաժժար յայտնեց, որ կառավարութեան նիստերը վերսկսելու համար հարցերուն լուծումները սկսած են, եւ մթնոլորտը դրական է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ կառավարութեան նիստերու ընդհատումին պատճառը սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն դէմ գործուած յարձակումներն են:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Նաամէ Թոհմէ մաղթեց, որ լիբանանցի պատասխանատուները օգտուին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալմանի հանդիպումէն բխած արդիւնքներէն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ սահմանադրական օրէնքներուն եւ կանոններուն գործադրութեան պէտք է յանձնառու մնալ, որպէսզի կառավարութեան աշխատանքային ընթացքը ճիշդ հունի մէջ դրուի:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրին իմաստով Լիբանան վտանգի փուլ մուտք գործած է:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նախագահական նստաշրջանի  երկարաձգումը հակասահմանադրական է, «եւ ան պէտք է իր նստաշրջանը աւարտելէ ետք նախագահութեան պաշտօնը յանձնէ», աւելցուց Ժոմպլաթ:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ տեղեկահաւաքի բաժանմունքը Թրիփոլիի մէջ գործադրած է ապահովական գործողութիւններ, որոնց ընթացքին ձերբակալած է 15 օրինազանցներ, որոնք դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած են տարբեր յանցագործութիւններու` գողութիւն, թմրամոլութիւն, թմրեցուցիչի եւ զէնքի մաքսանենգում, եւ այլ պատճառներով:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Նախագահը

Յաջորդը

Ժոզեֆ Քսայֆի Վերընտրուեցաւ Խմբագիրներու Սենտիքայի Նախագահ

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?