Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սինիորա Կոչ Ուղղեց Սիւննի Համայնքին Մասնակցելու Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն` Թեկնածութիւն Առաջադրելու Եւ Քուէարկելու Առումով

February 24, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին ընդգծեց բոլոր լիբանանցիներուն, յատկապէս սիւննի համայնքին կողմէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու կարեւորութիւնը:

Սինիորա յայտնեց, որ Լիբանանի գերիշխանութեան հաւատացող սիւննի համայնքը պէտք չէ պոյքոթի ենթարկէ երեսփոխանական ընտրութիւնները, այլ` պէտք է աշխուժ մասնակցութիւն բերէ այդ ընտրութիւններուն` թեկնածութիւն առաջադրելու եւ քուէարկելու առումով:

«Սիւննի համայնքը պէտք է մասնակցի երեսփոխանական ընտրութիւններուն, որպէսզի Լիբանանի նկատմամբ հաւատքը պահպանուի, եւ անոնք մնան իրենց չափաւորական ընթացքին մէջ», շեշտեց Սինիորա:

Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ տագնապը կարելի է ամփոփել այն իմաստով, որ կարելի չէ լիբանանեան պետութիւնը վերականգնել, այնքան ատեն որ Հըզպալլա իր զէնքով ճնշում կը բանեցնէ լիբանանեան պետութեան վրայ, «բայց եւ այնպէս կարելի չէ նաեւ Հըզպալլան լիբանանեան տարազէն ջնջել», ըսաւ ան:

Սինիորա շեշտեց, որ եթէ Հըզպալլա իր այս ընթացքով շարունակէ, ապա լիբանանեան պետութիւնը իր ազատ որոշումը պիտի չունենայ, հետեւաբար նաեւ կարելի պիտի չըլլայ արաբական երկիրներուն հետ շինիչ յարաբերութիւններ հաստատել:

Սինիորա ընդգծեց, որ լիբանանցիներուն կամքը կարելի չէ կոտրել` աւելցնելով, որ քուէարկութիւնը միակ միջոցն է, որուն ընդմէջէն կարելի է մերժել փտածութիւնը:

«Համոզուած եմ, որ լիբանանցիները պէտք է իրարու հետ գործակցին եւ յանձնառու մնան իրենց միասնականութեան», հաստատեց ան:

Իր կարգին, Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի, պատասխանելով Սինիորայի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հնչած յայտարարութիւններուն, հաստատեց, որ ինք միայն նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կեցուածքներուն կը հետեւի:

 

Նախորդը

Քանաան. «2020-ի Պետական Ամավարկը Տակաւին Խորհրդարան Չէ Հասած»

Յաջորդը

Միւֆթի Տըրիան Ընդունեց Մաշնուքը

RelatedPosts

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ  Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց  Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 6, 2026
Պըրրի Սալամի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան  Թղթածրարին Արմատական Լուծում  Գտնելու Անհրաժեշտութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի Սալամի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Արմատական Լուծում Գտնելու Անհրաժեշտութիւնը

October 6, 2026
Սալամ. «Իսրայէլեան Հեռացումը Զէնքի  Յանձնման Գործողութեան Չկապեցինք»
Լիբանանեան

Սալամ. «Իսրայէլեան Հեռացումը Զէնքի Յանձնման Գործողութեան Չկապեցինք»

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.