Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ 2022-ի պետական ամավարկի նախագիծը տակաւին խորհրդարան չէ հասած:
Քանաան շեշտեց, որ այդ ամավարկը պարզապէս թիւերու կոյտի մը հաշուեկշիռը պէտք չէ ըլլայ, այլ` յստակ տեսլական ունենայ:
Ան աւելցուց, որ լիբանանեան պետութեան պատասխանատուութիւնն է ըլլալ օրինական եւ ունենալ ճշգրիտ թիւեր:
Քանաան հարց տուաւ, թէ ներկայ տնտեսական տագնապալի պայմաններուն մէջ ո՞վ կրնայ այդքան տուրքեր վճարել` աւելցնելով, որ բարեկարգումները պահանջուած են եւ պէտք է գործադրուին:
Անդրադառնալով սեփական մարզին` Քանաան յայտնեց, որ անիկա պետութեան շարժակն է` աւելցնելով, որ պետական մարզին հետ լրացումը պահանջուած է, որովհետեւ անձնական շահերու փնտռտուքը կը հարուածէ Լիբանանը:
Քանաան յայտնեց, որ մաքսատնային տոլարին մասին խօսելու համար տակաւին շատ կանուխ է` աւելցնելով, որ ինք կը մերժէ ժողովուրդն ու անոր ունեցած դրամատնային հաշիւները պատասխանատու նկատել մաքսատնային եւ ելեւմտական իրերայաջորդ ձախող քաղաքականութիւններուն:


