Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Փետրուար 24, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 3748 վարակուածներ եւ մահացած 20 ուրիշներ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 20.750 լ. ոսկիի:

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ Միութիւնը որոշած է միջազգային դէտերու պատուիրակութիւն մը ուղարկել Լիբանան` հետեւելու համար երեսփոխանական ընտրութիւններուն, որոնք պիտի կատարուին 15 մայիս 2022-ին:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ստորագրեց 13 օրէնքներ, որոնք երկուշաբթի, 21 փետրուար 2022-ին վաւերացուեցան խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին ընթացքին, եւ զանոնք փոխանցեց կառավարութեան:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Եուսեֆ Խալիլ 2022-ի պետական ամավարկի նախագիծը ստորագրեց եւ զայն յղեց կառավարութեան, որպէսզի իր կարգին այդ նախագիծը ուղարկէ խորհրդարան:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Մորիս Սլիմ ընդունեց անձնական հիւանդանոցներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Սլէյման Հարունը, որուն հետ քննարկեց հիւանդանոցներուն իրավիճակը, ինչպէս նաեւ հիւանդանոցներուն եւ բանակին միջեւ  ելեւմտական շարք մը հարցեր:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ապպաս Հաժ Հասան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան` ընկերակցութեամբ «Եու.Էս.Էյտ.»-ի մէկ պատուիրակութեան: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան «Եու.Էս.Էյտ.»-ի ծրագիրները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան ռազմավարութիւնը` բարգաւաճեցնելու համար Լիբանանի երկրագործութեան մարզը:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սամիր Ժսըր երէկ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Լինա Քուտուան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Պեզզի յայտնեց, որ խորհրդարանին կողմէ մրցակցութեան օրէնքի վաւերացումը չարաշահումներուն եւ չարաշահողներուն դէմ առնուած զօրաւոր կեցուածք մըն է:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խոսէ Մարիա Ֆերի Տելա Պենան, որուն հետ քննարկեց քաղաքական իրադարձութիւնները: Ժոմպլաթին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Ռեպեքա Կրինտլէյը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի մէջ ընդունեց Զուիցերիոյ դեսպան Մարիոն Մեսմերը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Ռեպեքա Կրինտլէյը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող հարցերը: Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցան Լիբանանի եւ Աւստրալիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող ամրապնդուած յարաբերութիւնները:

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողներուն Եւ Աշխատակիցներուն

Յաջորդը

Քանաան. «2020-ի Պետական Ամավարկը Տակաւին Խորհրդարան Չէ Հասած»

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Լիբանանեան

Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?