Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ստորագրեց թիւ 8388 հրամանագիրը, որուն հիման վրայ պետական մարզի բոլոր պաշտօնեաներուն ժամանակաւոր կերպով ընկերային օժանդակութիւն պիտի յատկացուի 1 յունուար 2022-էն մինչեւ 2022-ի պետական ամավարկի նախագիծին վաւերացումը:
Հրամանագիրին համաձայն, ընկերային օժանդակութիւն պիտի ստանան պետական այն պաշտօնեաները, որոնք կը կատարեն իրենց աշխատանքը եւ կը ներկայանան իրենց աշխատավայրերը:
Ընկերային օժանդակութիւն պիտի տրուի նաեւ հանգստեան կոչուած այն պաշտօնեաներուն, որոնք ամսական դրութեամբ կը ստանան իրենց աշխատավարձը:
Եթէ պետական պաշտօնեան տարբեր աղբիւրներէ ընկերային օժանդակութիւն կը ստանայ, այդ մասին պէտք է տեղեակ պահէ իր վարչական պատասխանատուն, եւ միայն պահէ ընկերային այն օժանդակութիւնը, որ ամէնէն նպաստաւորն է:
Հրամանագիրին համաձայն, ընկերային օժանդակութիւնը յաւելեալ կէս ամսական է, որուն գումարը մէկուկէս միլիոն լ. ոսկիէն աւելի պակաս, կամ երեք միլիոն լ. ոսկիէն աւելի չի կրնար ըլլալ:
Սարակներուն յատկացուելիք ընկերային օժանդակութեան գումարը կը ճշդուի ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ:
Հրամանագիրը գործադրութեան կը դրուի պետական պաշտօնաթերթին մէջ հրատարակուելէ ետք:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական եւ դիւանագիտական զարգացումները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան կատարած նախապատրաստական աշխատանքները` ապահովելու համար արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութիւնը` յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն:
Նախագահ Աունի այցելեց նախկին նախարար Նաժի Պուսթանի, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Շուֆի կարիքները:
Նախագահ Աուն ընդունեց Իսլամական հետազօտութիւններու եւ կրօններու երկխօսութեան ժաաֆարական մշակութային հիմնարկութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ հիմնարկութեան նախագահ շէյխ Մոհամետ Հիւսէյն Հաժի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատեց, որ Մերձեցման եւ երկխօսութեան մարդու ակադեմիայի հիմնադրութեան նպատակն է ժողովուրդը իրարու մօտ բերել, իրարու միջեւ ծանօթութիւններ ստեղծել, որպէսզի կարելի ըլլայ աշխարհին յաւելեալ խաղաղութիւն եւ սէր ներարկել` տարբեր քաղաքակրթութիւններու միջեւ մերձեցումին ընդմէջէն:
Նախագահ Աուն ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանանի ծովային իրաւունքներէն զիջումներ կատարելու մասին բոլոր յայտարարութիւններն ու լուրերը անճիշդ են` շեշտելով, որ խորհրդակցութիւնները պիտի կարենան պահպանել Լիբանանի իրաւունքներն ու հարստութիւնը:


