Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Փետրուար 26, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 2727 վարակուածներ եւ մահացած 14 ուրիշներ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 20.700 լ. ոսկիի:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Եուսեֆ Խալիլ 2022-ի պետական ամավարկին կցուած արտակարգ գումարի հրամանագիրը` երեսփոխանական ընտրութիւնները կազմակերպելու նպատակով ճշդուած 320 միլիառ լ. ոսկիին վերաբերեալ, ուղարկեց նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութեան:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որուն հետ քննարկեց ներկայ իրադարձութիւնները: Սինիորա շեշտեց, որ կարելի չէ սահմանադրական նման հոլովոյթ մը, ինչպիսին է երեսփոխանական ընտրութիւնը, պոյքոթի ենթարկել եւ դաշտը բաց ձգել արկածախնդիրներու դիմաց: Իր կարգին, Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր այցելեց միւֆթի Տըրիանի: Հանդիպումէն ետք ան հաստատեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի իր կեցուածքին մէջ յստակ էր, երբ ըսաւ, թէ ինք քաղաքական իր գործունէութիւնը կ՛առկախէ եւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը պոյքոթի կ՛ենթարկէ:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլը, որ յայտնեց, որ Լիբանան դիմադրութեան մարտկոց մը չէ` աւելցնելով, որ զայն պէտք է չէզոք պահել շրջանային տագնապներէն: Ժեմայէլ դիտել տուաւ, որ Հըզպալլա լիբանանեան պետութիւնը կը մղէ դէպի մեկուսացում:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ կատարեց թուիթըրեան հետեւեալ գրառումը. «Նախապէս պատժամիջոցներու դէմ հրահրեցիք, իսկ այսօր սահմաններուն մասին կը խօսիք: Ի՛նչ դիւրին է ձեզի համար սակարկելն ու փոխանակում կատարելը, որովհետեւ դուք ձեր անկախութիւնը փոխանակած էք ձեր պաշտօններով: Եթէ ես փափաքէի պատժամիջոցներու առումով փոխանակում կատարել, ապա նախքան զանոնք ստանալը կատարած կ՛ըլլայի այդ փոխանակումը եւ ոչ թէ պատժամիջոցներ ստանալէ ետք: Ատիկա կատարելու համար բարձր գումար ստացած կ՛ըլլայի եւ պատժամիջոցներու չէի ենթարկուեր: Իսկ նման միջոցառումէ ետք սուղ պիտի վճարեմ այդ պատժամիջոցները ջնջելու: Ես ո՛չ ձեզի նման անմիտ եմ, եւ ո՛չ ալ գործակալ»:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Անուար Խալիլ յայտնեց, որ պէտք է զգուշանալ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի կողմէ քուէարկութեան համար մեկասենթըրներներ ստեղծելու պահանջէն, որովհետեւ անոր նպատակը կրնայ ըլլալ երեսփոխանական ընտրութիւններու յետաձգումը կամ խորհրդարանի ու հանրապետութեան նախագահի պաշտօնավարութեան նստաշրջանի երկարաձգումը:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլ հրաժեշտի այցելութիւններու  շրջագիծին մէջ այցելեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը:

Զօր. Տել Քոլ այցելեց նաեւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունայի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ սահմանային Կապոյտ գիծին իրավիճակը:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու լիբանանեան-եգիպտական երկկողմանի յարաբերութիւնները: Մաուլաուիի այցելեց նաեւ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա, որ նախարարին հետ քննարկեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստութիւնները:

ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր, յատկապէս ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

ՊԵՆԶԻՆԻ կայարաններու սեփականատէրերու սենտիքայի անդամ Ժորժ Պրաքս յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պենզինի թիթեղին սակը կրնայ հասնիլ մինչեւ 400 հազար լ. ոսկիի սահմանները:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Սումկայիթի Ջարդերուն 34-Ամեակին Եւ Պաքուի Ջարդերուն 32-Ամեակին Առիթով Լիբանանեան Լրատուամիջոցներուն Յղեց Հաղորդագրութիւն Մը

Յաջորդը

Վարչապետ Միքաթի Խորհրդարանին Վաւերացուցած Օրէնքները Ստորագրեց Եւ Զանոնք Պաապտա Ուղարկեց

RelatedPosts

Այցելելով Պէյրութ`  «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը  Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պէյրութ` «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նոյեմբեր 1, 2025
Այցելելով Պքերքէ`  Սալամ. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները  Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»
Լիբանանեան

Այցելելով Պքերքէ` Սալամ. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»

Նոյեմբեր 1, 2025
Աուն. «Այն Տեղեկութիւնը, Թէ Հըզպալլան Մերժած Է  Խուզարկելու Համար Հարաւային Արուարձաններու Մէջ  Դիրքերէն Մէկը Բանակին Մուտք Գործելը Սխալ Է»
Լիբանանեան

Նախագահական Պալատը Կը Յստակացնէ. «Նախագահ Աունի Պլիտայի Վրայ Յարձակումի Շուրջ Կեցուածքը Հրապարակուեցաւ Տեղեկատուութեան Գրասենեակին Կողմէ, Եւ Անոր Կողմէ Որեւէ Այլ Կեցուածք Չարտայայտուեցաւ»

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?