Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի երէկ դիմեց ընդհանուր դատախազութեան, որպէսզի հետաքննութիւն բացուի «Կուկըլ մեփս» բջիջային յաւելուածին վրայ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դամբարանը վարկաբեկիչ արտայայտութիւններով նկարագրելու արարքին մասին:
Մաուլաուի պահանջեց բացայայտել տուեալ յաւելուածին ընդմէջէն Հարիրիի դամբարանը «պղծող» յանցագործը եւ զայն յանձնել դատական իշխանութիւններուն:
Մաուլաուի նկատել տուաւ, որ այս հարցը քաղաքացիական անվտանգութեան վրայ յարձակում է, ինչպէս նաեւ նահատակներու սրբապղծում եւ սադրանքի նախապատրաստութիւն:
Զօր. Տել Քոլի Հետ
Մաուլաուի երէկ ընդառաջեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի հրաւէրին` այցելելու «Խաղաղապահութեան յուշեր» անունով լուսանկարչական ցուցահանդէսը:
Այս առիթով Մաուլաուի յայտնեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ միջազգային բանաձեւերուն, յատկապէս թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան եւ միջազգային օրինականութեան, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն զօրակցութեան:


