Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա երէկ շարունակեց լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուներուն իր կատարած այցելութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ ան վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ:
Հանդիպումէն ետք Վրոնեցքա յայտնեց, որ Միքաթիի հետ քննարկած է երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները, ինչպէս նաեւ ընտրութիւններէն ետք արձանագրուած զարգացումները:
Վրոնեցքա ընդգծեց Լիբանանի խորհրդարանէն եւ կառավարութենէն պահանջուած բարեկարգումներուն գործադրութեան կարեւորութիւնը:
Մուաուատի Մօտ
Վրոնեցքա այցելեց նաեւ Անկախութիւն շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատի, որուն հետ հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ երեսփոխան Ատիպ Ապտել Մեսիհ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական, տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային իրադարձութիւնները, յատկապէս երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք:
Շեշտուեցաւ բարեկարգումները գործադրելու անհրաժեշտութիւնը:
Մուաուատ բարձր գնահատեց ՄԱԿ-ի ունեցած դերակատարութեան կարեւորութիւնը` Լիբանանի գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ ընկերային կայունութեան պահպանումին առումով:
Ժեմայէլի Հետ
Վրոնեցքա այցելեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ երեսփոխան Սելիմ Սայեղ:
Ժեմայէլ վերահաստատեց անյապաղ կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը` առանց դանդաղեցնելու խորհրդարանին կատարելիք օրէնսդրական աշխատանքը, որուն նպատակը պիտի ըլլայ երկրի տագնապներուն լուծումներուն ապահովումը:
Ժեմայէլ մտավախութիւն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ներկայ վտանգաւոր պայմաններուն ընթացքին գործադիր իշխանութեան չգոյութիւնը կրնայ ստեղծել հսկայական քաոս մը, որուն պատճառով Լիբանանի վերականգնումի յոյսերը կը փարատին:


