Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆիրուզնիա. «Լիբանանի Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Փաստեցին, Որ Ժողովուրդը Հաւատարիմ Կը Մնայ Դիմադրութեան Ուղեգիծին»

June 7, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ իմամ Խումէյնիի մահուան 33-րդ տարելիցին առիթով Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը` Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանատան մշակութային գրասենեակին կազմակերպութեամբ:

Իմամ Խումէյնի անուան մշակոյթի համալիրին մէջ կատարուած ձեռնարկին ընթացքին Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիա յայտնեց, որ անցնող վեց տասնամեակներուն ընթացքին թշնամիները փորձեցին տապալել իմամ Խումէյնիի գլխաւորած իրանեան յեղափոխութիւնը, սակայն այդ բոլոր փորձերը ձախողեցան ու ինկան պատմութեան աղբանոցը:

Ֆիրուզնիա հաստատեց, որ ամերիկեան եւ իսրայէլեան ամէն տեսակի փորձերը ձախողութեան կը մատնուին` աւելցնելով, որ իմամ Խումէյնիի անունն ու անոր որդեգրած ուղին կը մնան իսլամական յեղափոխութեան կողմնացոյցը, որուն հիման վրայ Իրանի հանրապետութիւնը կը գործէ` բոլոր մարզերուն մէջ:

Ֆիրուզնիա յայտնեց, որ դիմադրութեան առանցքին մաս կազմելով` Իրան շատ աւելի հզօրացած է, որովհետեւ իմամ Խումէյնիի շունչով բռնկած այդ յեղափոխութիւնը իր ուժգնութիւնը պահած է իմամ Խամենէիի ղեկավարութեամբ, որովհետեւ այաթոլլա Խամենէի հաւատարիմ ու անշեղ մնացած է իսլամական յեղափոխութեան սկզբունքներէն:

Ֆիրուզնիա անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան քաջութեան եւ Հըզպալլայի ուղիին, որ նաեւ կը նկատուի իմամ Խումէյնիի միտքերուն տուած օրհնեալ արդիւնքը:

«Իրան միշտ պիտի զօրակցի Դիմադրութեան եւ լիբանանցիներուն, որոնք կը դիմադրեն շրջանին մէջ ի յայտ եկած  ամերիկեւիսրայէլեան սպառնալիքներուն եւ դաւադրութիւններուն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւնները պատմական են ու ամուր, իսկ զոյգ ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւնները` եղբայրական ու սիրալիր:

Ֆիրուզնիա յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւնները փաստած են, որ ժողովուրդը հաւատարիմ կը մնայ Դիմադրութեան ուղեգիծին եւ յանձնառու է անոր արձանագրած նուաճումներուն նկատմամբ:

 

Նախորդը

Ռիատ Սալամէ. «Կեդրոնական Դրամատան Պահեստի Գումարը 11,8 Միլիառ Տոլար Է»

Յաջորդը

«Ապահովութեան Ուժերուն Կացութիւնը Շատ Դժուար Է, Եւ Մենք Մեր Մարմինով Պիտի Պաշտպանենք Քաղաքացիներուն Անվտանգութիւնը» Շեշտեց Ժոզեֆ Մսալլեմ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.