Ներքին ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան 161-ամեակին առիթով, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման հրապարակեց օրուան հրահանգը, որուն մէջ հաստատեց, որ այդ ուժերը տարի մը եւս մեծցած են` իրենց նուիրումով եւ զոհողութիւններով, ինչպէս նաեւ կը շարունակեն կանգուն մնալ եւ ապահովութիւնը պահել բոլոր մարտահրաւէրներուն դէմ, որքան ալ դժուար ըլլան անոնք:
Օսման Ներքին ապահովութեան ուժերու բոլոր աստիճանաւորներուն եւ զոյգ սեռերուն ուղղելով իր խօսքը յայտնեց, որ անոնք փաստած են եւ կը շարունակեն փաստել, թէ կը մնան գիտակից իրենց պատասխանատուութեան եւ արհեստավարժութեան` հակառակ իրենց առօրեայ տառապանքներուն, որոնք բացայայտ են բոլորին համար:
«Այս նուիրումը կը բխի ձեր այն համոզումէն, թէ Ներքին ապահովութեան ուժերու կառոյցը ձեր կառոյցն է եւ անիկա ձեր ապահովութիւնն ու իրաւունքը իր իրաւատիրոջ վերադարձնելու վահանն է», յայտնեց Օսման:
Ան նշեց, որ Լիբանան եւ Ներքին ապահովութեան ուժերու կառոյցը արդէն իսկ բոլորած են երկիրը յուզող տագնապին եռամեակը, որուն հետեւանքով բոլոր ուժերն ու անոնց ընտանիքները կը տառապին` տնտեսական եւ ելեւմտական սուր տագնապին պատճառով:
Ան ցաւ յայտնեց, որ Ներքին ապահովութեան ուժերուն դիմագրաւած կենցաղային եւ ապրուստի լուրջ հարցերուն դիմաց, այդ կառոյցի անդամներուն եւ անոնց ընտանիքներուն բժշկական ծախսերը հոգալու խոստումներ տրուած են բազմիցս, սակայն չեն յարգուած:
«Մենք լաւ գիտենք ձեր դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ տագնապին պատճառով ձեր վրայ եղող ճնշումներուն մասին: Սակայն տիրող պայմանները գերզգայուն են, եւ ձեր կարողութիւններուն նկատմամբ մեր վստահութիւնը մեծ է, որովհետեւ համոզուած ենք, որ դուք հաւատարիմ պիտի մնաք ձեր երդումին եւ համբերութեամբ պիտի դիմանաք ու տոկաք, ինչպէս նաեւ իմաստութեամբ ու քաջութեամբ պիտի գործէք», հաստատեց ան:
Իմատ Օսման հաստատեց, որ իրենք պէտք է քաջ գիտնան, թէ կը գտնուին ապահովական կառոյցի հրահանգին ներքեւ, եւ այդ սկզբունքով պէտք է շարունակեն իրենց առաքելութիւնը:
Ան հաստատեց, որ ինք միշտ աշխատած է Ներքին ապահովութեան ուժերուն պայմանները բարելաւել` աւելցնելով, որ նոյն թափով պիտի շարունակէ ճիգեր ի գործ դնել:
Այս առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շնորհաւորեց Ներքին ապահովութեան ուժերը եւ բարձր գնահատեց անոնց ջանքերը, որոնք ի գործ կը դրուին պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ինք ճիգ չի խնայեր Ներքին ապահովութեան ուժերուն պայմանները բարելաւելու:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Իմատ Օսմանի հետ եւ շնորհաւորեց զայն Ներքին ապահովութեան ուժերուն հիմնադրութեան 161-ամեակին առիթով` բարձր գնահատելով անոնց զոհողութիւնները երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու մէջ:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի շնորհաւորեց Ներքին ապահովութեան ուժերը` կառոյցի հիմնադրութեան 161-ամեակին առիթով` աւելցնելով, որ անոնց նկատմամբ հոգատար ըլլալը պարտաւորութիւն մըն է, որ երկմտանքի պէտք չէ ենթարկել:
Ներքին ապահովութեան եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի շնորհաւորեց Ներքին ապահովութեան ուժերը` կոչ ուղղելով անոնց կառչած մնալու հաստատութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահով եւ կայուն հայրենիք մը ստեղծել ու պաշտպանել: