Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Գահիրէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Եգիպտոսի միւֆթի շէյխ Շաուքի Օլամի հետ:
Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ նաեւ` Լիբանանի եւ Եգիպտոսի միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին շէյխ Օլամ հաստատեց Եգիպտոսի յանձնառութիւնը` Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի վերականգնումն ու բարգաւաճումը ապահովելու համար:
Իր կարգին, միւֆթի Տըրիան յայտնեց, որ Լիբանան ազգային համերաշխութեան երկրի օրինակելի տիպարն է` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ բոլորը կը ջանան ամրապնդել ազգային միասնականութիւնը եւ թօթափել համայնքային ու յարանուանական ամէն տեսակի սադրանքները:


