Ներքին ապահովութեան ուժերու հանրային կապերու պատասխանատու գնդապետ Ժոզեֆ Մսալլեմ յայտնեց, որ ոճրագործները կ՛օգտագործեն երկրին մէջ տիրող կացութիւնը:
Ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած են մեծ թիւով ոճիրներ, յատկապէս 2019 եւ 2020 տարիներուն ընթացքին` աւելցնելով սակայն, որ անոնք յարաբերաբար աւելի լաւ ընթացքին մէջ են 2022-էն ի վեր:
Անդրադառնալով ինքնաշարժի գողութեան դէպքերուն` Մսալլեմ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ կայ կողմ մը, որուն կը հասնին գողցուած ինքնաշարժները, նկատել տալով, որ Լիբանանի մէջ ինքնաշարժի գողութեան համեմատութիւնը կայուն է, իսկ իրավիճակը աւելի գնահատելի է քան` եւրոպական երկիրները: «Ամէնէն աւելի գողցուած ինքնաշարժները «Քիա» եւ «Հիունտայ» վաճառանիշի ինքնաշարժներն են», ըսաւ Մսալլեմ:
Ան շեշտեց նաեւ, որ 2022-ին աւազակութեան դէպքերը սկսած են շատնալ` դիտել տալով, որ ներկայիս կեդրոնացումը բջիջային հեռաձայնները գողնալու վրայ է: «Բջիջային հեռաձայն գողցողները ընդհանրապէս թմրամոլներ են, իսկ աղքատութիւնը աւազակութեան մղող վերջին պատճառներէն մէկն է», ըսաւ Մսալլեմ:
Անդրադառնալով սպանութիւններուն` ան հաստատեց, որ անոնք ուղղակիօրէն կապուած են անմիջական կռիւներու եւ հարցերու հետ` աւելցնելով, որ սպանութիւններուն եւ համապատասխան ձերբակալութիւններուն միջեւ համեմատութիւնը պահուած է:
Մսալլեմ ընդգծեց, որ սպանութիւններուն վերջ տալու միակ լուծումը քաղաքական կայունութիւնն է` շեշտելով, որ Լիբանանի մէջ զանազան մարզեր փուլ եկած են արդէն, բացի` ապահովական կայունութենէն:
«Ապահովութեան ուժերուն կացութիւնը շատ դժուար է: Մենք մեր քաղաքացիներուն ձրիօրէն կը ծառայենք: Ծունկի պիտի չգանք եւ մեր մարմինով պիտի պաշտպանենք քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը», շեշտեց ան: