ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 41.600 լ. ոսկի է:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ նախագահական դատարկութեան ընթացքին խորհրդարանի լիագումար նիստը կը կայանայ միայն նախագահական ընտրութեան համար: Ան հաստատեց, որ իրենց համախմբումը միայն նախագահական ընտրութեան համար պիտի մասնակցի խորհրդարանի լիագումար նիստին:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ալի Համիէ յայտնեց, որ Աքքարի մէջ բարգաւաճման ծրագիրները անոր բնակիչներուն համար իրաւունք են եւ անոնց զօրակցութեան գործնական քայլեր:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարարի պաշտօնակատար Նասեր Եասին երէկ անձամբ հսկեց Պէյրութի նաւահանգիստէն Ֆրանսա բժշկական վտանգաւոր աղբի փոխադրութեան: Ան յայտնեց, որ 15 թոն հաշուող այս աղբը Լիբանանի կենսոլորտին վրայ աղէտալի ազդեցութիւն պիտի ունենար:
ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑՆԵՐՈՒ սեփականատէրերու սենտիքան շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի կառավարութեան որոշումներուն համար եւ յոյս յայտնեց, որ առողջապահական հարցերը քաղաքական բանավէճերէն հեռու կը մնան:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութիւնը երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ սահմանադրութեան մէջ նշուածէն բացի խորհրդարանական որեւէ այլ նիստի պիտի չմասնակցի: «Ինչպէս հանրապետութեան նախագահին նամակը կարդալու նիստին մեր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկեցինք, նոյնպէս ալ կը մերժենք մասնակցիլ հաղորդակցութեան նախկին նախարարներուն դէմ ուղղուած ամբաստանութիւններու նիստին», ընդգծեց Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը, որ պահանջեց նախագահական ընտրութեան նիստերը բաց պահել:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 4000 լ. ոսկիով, մազութը` 7000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշը` 1000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 773.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 791.000 լ. ոսկի, մազութը` 816.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազի շիշը` 462.000 լ. ոսկի:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար յայտնեց, որ նախարարութիւնը կը նախատեսէ, որ ձմրան ընթացքին Լիբանան հասնին շուրջ կէս միլիոն զբօսաշրջիկներ, որոնք երկրին համար մէկ միլիառ տոլարի գումար մը պիտի ապահովեն:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտկար Թրապուլսի յայտնեց, որ ամբողջ Լիբանանի մակարդակին վրայ պէտք է քաղաքական համագործակցութիւնը վերատեսութեան ենթարկուի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թարրաֆը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին զօրակցելու եւ օժանդակելու միջոցները` նկատի ունենալով երկրին ապահովական կայունութիւնը:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մարոքի դեսպան Մոհամետ Քարինը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու հեռանկարները: Պու Հապիպի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ալճերիոյ դեսպան Ապտել Քերիմ Ռաքայպին, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:


