Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Հապիպ Փարոլինի Հետ Քննարկեց Տեղահանուածներու Թղթածրարը

Դեկտեմբեր 3, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հռոմի մէջ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի ընդհանուր քարտուղար գերապայծառ Փիեթրօ Փարոլինի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Փարոլին մտահոգութիւն յայտնեց այն իրականութեան համար, որ Լիբանանի խորհրդարանը յաճախակի նիստերէ ետք ձախողած է հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրել: Ան կոչ ուղղեց լիբանանցի ղեկավարներուն համախոհութիւն գոյացնելու եւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին հանրապետութեան նոր նախագահը ընտրելու:

Փարոլին եւ Պու Հապիպ քննարկեցին նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը, յատկապէս երկրին դիմագրաւած տնտեսական սուր տագնապին ընթացքին: Փարոլին խոստացաւ ամէն իմաստով օժանդակել` Լիբանանի եւ տեղահանուածներուն օժանդակող երկիրներուն միջեւ երկխօսութիւն մը սկսելու, որպէսզի կարելի ըլլայ հիմնական լուծման նախագիծի մը շուրջ համաձայնիլ:

Հաժժար – Կրանտի Հանդիպում

Միւս կողմէ, ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար հանդիպում մը ունեցաւ գաղթականներու հարցերու ՄԱԿ-ի բարձրագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտիի հետ, եւ հանդիպումին ընթացքին ան իմացաւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին մասին Կրանտիի կեցուածքը:

Հաժժար հաստատեց, որ այդ թղթածրարին միակ լուծումը տեղահանուածներուն ապահով տունդարձն է: «Այս նպատակը իրականացնելու համար ՄԱԿ-ի յանձնակատարն ու լիբանանեան պետութիւնը միասնաբար պէտք է գործեն եւ երկխօսութիւն կատարեն` չէզոքացնելու համար խոչընդոտները, որոնք քանի մը առանցքէ կը  բաղկանան, ինչպէս` սուրիական պետութեան առանցք, Եւրոպական Միութեան առանցք եւ Միացեալ Նահանգներու առանցք: Այս գործակցութեան ապահովումը կարեւոր է, որպէսզի տեղահանուածները վերադառնան Սուրիա եւ մաս կազմեն իրենց երկրին ընկերային հիւսուածքին», շեշտեց ան:

Հաժժար ընդգծեց նաեւ, որ տեղահանուածներու թղթածրարին լուծման ուշացումը պիտի պատճառէ վտանգներ, որովհետեւ անոնց եւ հիւրընկալ հասարակութեան, այսինքն` լիբանանցիներուն միջեւ լարուածութիւնը պիտի սրի, ինչպէս նաեւ դէպի Եւրոպա ապօրինի գաղթը թափ պիտի ստանայ:

Նախորդը

Բանակի Հրամանատարը Կը Քննարկէ Քանատայի Հետ Գործակցութեան Հեռանկարները

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Խորհրդարանը Դատապարտած Է Ֆրանսայի Օրէնսդիր Մարմինի Բանաձեւերը

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?