Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 5, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 41.350 լ. ոսկի է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս շեշտեց, որ համախոհութիւնն ու երկխօսութիւնը միակ միջոցներն են` երկրին տագնապը լուծելու իմաստով:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Իպրահիմ Մուսաուի յայտնեց, որ պէտք է երկխօսութեան սկսիլ եւ անոր ընդմէջէն յանգիլ համախոհութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ նախագահական ընտրութիւն կատարել, կառավարութիւն կազմել եւ երկիրը փրկել:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ յայտնեց, որ ինք նախարարութիւնը ստանձնած է աշխատելու համար եւ ոչ թէ քաղաքական յայտարարութիւններ կատարելու: «Առանց «Օժերօ»-ի տնտեսութիւն եւ Լիբանան չկայ», ըսաւ ան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը պէտք է յստակ տեսլական ունենայ: «Հանրապետութեան նորընտիր նախագահը պէտք է կարողութիւն ունենայ կարգաւորելու Լիբանանի յարաբերութիւնները` արտաքին աշխարհին հետ, ինչպէս նաեւ ան պէտք է կարողութիւն ունենայ որդեգրելու կառավարութեան աշխատանքը` նախ եւ առաջ բարեկարգումներ գործադրելու եւ երկիրը տնտեսական ու ելեւմտական իր ճգնաժամէն դուրս բերելու նպատակով», յայտնեց ան:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ թռիչքներ գործեց Հասպայայի ու Մազարեհ Շեպաայի վերեւ, ապա հեռացաւ հարաւային Լիբանանի շրջաններէն` թռիչքներ գործելով Հարամունի բարձունքներուն վերեւ: Իսրայէլեան օդուժը «Էմ. Քա.» տիպի հետախուզական օդանաւերով ոտնձգութիւններ գործեց Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեան հաստատեց, որ մաքսային տոլարը կը պաշտպանէ լիբանանեան արտադրութիւնները` աւելցնելով, որ երկրին սննդական անվտանգութեան դէմ ոչ մէկ սպառնալիք կայ:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ հաստատեց, որ ինք միայն լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը հանրապետութեան նախագահութեան հաւանական թեկնածու կը տեսնէ: Ան շեշտեց, որ Հըզպալլա զօր. Աունի դէմ վեթօ չունի:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Մըքտատ յայտնեց, որ դրամատուներու կուսակցութիւնն ու Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը իրենց հակակշիռին տակ առած են երկիրն ու անոր հաստատութիւնները: Ան յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի շուրջ ամերիկեան շրջափակումը կարելի կ՛ըլլայ խզել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի շեշտեց, որ իրենք կը ջանան ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ կը պահպանէ Լիբանանն ու անոր միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ Դիմադրութիւնը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ լիբանանեան համախոհութիւնը հանրապետութեան նախագահ մը կրնայ ապահովել: Քասեմ հաստատեց նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ Լիբանանի մէջ մնայուն քաոս կը ստեղծեն:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ Կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Հասան Պաղտատի յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակարգը շրջանի կայունութիւնը արգելակող հիմնական խոչընդոտն է:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի մէկ պատուիրակութեան հետ: Քանաան կոչ ուղղեց օժանդակելու Լիբանանին` սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը լուծելու` անոնց տունդարձով:

 

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ լիբանանցիներու հարցերուն համար լուծում ապահովելը առաջնահերթութիւն է: Ան կոչ ուղղեց վերջ տալու համայնքային եւ յարանուանական իրաւունքներու ողբին:

 

 

Նախորդը

Ամիսներ Տեւած Բողոքի Ցոյցերէն Ետք Իրան Լուծարած Է Բարոյականութեան Ոստիկանութիւնը

Յաջորդը

«Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութիւնը Պետութիւնը Հիմնելու Նախաքայլն Է» Շեշտեց Թայմուր Ժոմպլաթ

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.