Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հրաւէրով կ՛ենթադրուի, որ կառավարութիւնը` ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը, այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին նիստ մը գումարէ վարչապետարանին մէջ:
Հրաւէրին համաձայն, կառավարութիւնը պիտի քննարկէ 65 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Անցեալ ուրբաթ գիշեր յղած իր հրաւէրին մասին Միքաթի շաբաթ օր «Պիել»-ի մէջ տեղի ունեցած գիրքերու ցուցահանդէսի բացումին ընթացքին ըսաւ հետեւեալը. «Երկուշաբթի օրուան նիստին ընթացքին պիտի վաւերացնենք անհրաժեշտ որոշումներ, եւ մեր առած քայլերուն նպատակն է ծառայել քաղաքացիին»:
Միքաթի նշեց, որ Նախարարաց խորհուրդի քննարկելիք օրակարգէն կարելի է դուրս բերել աւելի քան 40 կէտեր եւ կեդրոնանալ միայն անհրաժեշտ ու քաղաքացիին առողջութեան վերաբերող կէտերուն քննարկման եւ վաւերացման վրայ:
Այս շրջագիծին մէջ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աունի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Միքաթի կառավարութիւնը նիստի հրաւիրելու իր քայլով կու գայ դարձեալ փաստելու այն իսկական պատճառները, որոնք զինք մղեցին հինգ ամիս շարունակ կառավարութիւնը կազմելու իմաստով յապաղում ցուցաբերելու:
«Միքաթի նոր կառավարութիւն մը չկազմեց, որպէսզի իշխանութիւնը իւրացնէ եւ իր կամքը պարտադրէ լիբանանցիներուն վրայ` խախտելով երկրին սահմանադրութիւնը եւ Ազգային ուխտը», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Նոյն հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, թէ առողջապահական, հիւանդանոցային, բժշկական եւ ընկերային տարբեր կարիքներ հոգալու պատրուակով յղուած կառավարութեան նիստի հրաւէրը չ՛արդարացներ երկիրը վտանգաւոր նախընթացի մը մէջ զետեղելու քայլը, որ կրնայ քաղաքական կայունութեան վրայ իր հետեւանքները ունենալ:
Զօր. Միշել Աունի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ զգուշացումը կատարուեցաւ գործուելիք սահմանադրական այս խախտումին մասին եւ կոչ ուղղուեցաւ նախարարներուն որդեգրելու միացեալ կեցուածք մը, որ կ՛արգիլէ սահմանադրութեան խախտումը: «Ընթացիկ հարցերու կառավարութեան մասին սահմանադրութեան մէջ յստակ կերպով նշուած կէտերուն խախտումը Ազգային ուխտի եւ ազգային միասնականութեան խախտում է», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ նկատել տուաւ, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը ժողովուրդին կապուած ընթացիկ հարցեր լուծելու կառավարութիւն է եւ ոչ թէ կուսակցութիւններու եւ քաղաքական պլոքներու կառավարութիւն: Ան յոյս յայտնեց, որ Միքաթի, որ ինքզինք միշտ զերծ կացուցած է երկփեղկումներէ, ճշդէ իր քայլերը` երբ ան սկզբունքով կը պատրաստուի կառավարութեան նիստին նախագահելու:
«Երկիրը պէտք է հեռու պահել համայնքային բանավէճերէ, նոր բախումներէ եւ ապահովական ցնցումներէ: Կառավարութիւնը այս կամ այն ազդեցութիւններէն հեռու պէտք է պահել», ընդգծեց Ռայի պատրիարքը:
Իր կարգին, յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը երէկուան իր քարոզին մէջ հարց տուաւ, որ աւելի ճիշդ չէ՞ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը, քան` ընթացիկ հարցերու կառավարութեան նիստ մը գումարելը:
Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան հրապարակուեցաւ միացեալ հաղորդագրութիւն մը` նախարարի պաշտօնակատարներ Ապտալլա Պու Հապիպի, Հանրի Խուրիի, Մորիս Սլիմի, Ամին Սալամի, Հեքթոր Հաժժարի, Ուալիտ Ֆայեատի, Ուալիտ Նասսարի, Ճորճ Պուչիքեանի եւ Իսամ Շարաֆէտտինի կողմէ:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ հրաժարած կառավարութեան պետ Նեժիպ Միքաթի զիրենք անակնկալի մատնած է 65 կէտերէ բաղկացած օրակարգով կառավարութիւնը նիստի մը հրաւիրելով, մինչ մեր կառավարութիւնը ընթացիկ հարցերու կառավարութիւն է եւ անցեալ մայիսէն ի վեր նիստ չէ գումարած:
«Մենք ամէնէն աւելի շահագրգռուած ենք ժողովուրդին հարցերով եւ զանոնք լուծելու միջոցներով, եւ այդ շրջագիծին մէջ օրինական եւ սահմանադրական ոչ մէկ միջոց կը խնայենք` լուծելու համար քաղաքացիներու հարցերը, յատկապէս հիւանդներուն, հիւանդանոցներուն եւ անհրաժեշտ այլ հարցեր: Սակայն մենք յանձնառու կը մնանք յարգելու սահմանադրութիւնը եւ պահպանելու զայն, ինչպէս նաեւ նախանձախնդիր ենք չխախտելու Ազգային ուխտին սկզբունքները:
«Մենք կը յայտարարենք մեր մերժումը այսօրուան նիստին եւ անոր ընթացքին որդեգրուելիք որոշումներուն` մեկնելով սահմանադրութեան եւ Ազգային ուխտին մեր կառչածութենէն», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ սահմանադրութեան թիւ 64-րդ յօդուածը չ՛արտօներ, որ հրաժարած կառավարութիւն մը նիստ գումարէ, իսկ 62-րդ յօդուածը չ՛արտօներ, որ խորհրդարանի վստահութեան քուէ չվայելող ընթացիկ հարցերու կառավարութիւն մը հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւնները ստանձնէ:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ վարչապետը յանձնառութիւն յայտնեց կառավարութիւնը նիստի չհրաւիրելու, բացի շտապ կամ կառավարութեան նիստ մը գումարելու անհրաժեշտութիւն պահանջող կարեւոր հարցի պարագային, ինչպէս նաեւ բոլոր նախարարներուն համաձայնութեան հիման վրայ, եւ այս յանձնառութիւնը յայտնուեցաւ 3 նոյեմբեր 2022-ին գումարուած խորհրդարանի նիստին ընթացքին:
«Ներկայիս չկայ շտապ կամ կարեւոր հարց մը, որ կարելի չէ լուծել` առանց կառավարութեան նիստ մը գումարելու, իսկ նախարարներուն հետ ոչ մէկ խորհրդակցութիւն կատարուած է կառավարութեան նիստ մը գումարելու մասին», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ նախագահական նախորդ դատարկութեան ժամանակաշրջանին պարագային, կառավարութիւնը իր ամբողջ իրաւասութիւններուն տէր էր եւ իր պատասխանատուութիւնները ճշգրիտ կերպով կը կատարէր` սահմանադրութեան հետ ներդաշնակ բնոյթով, հետեւաբար կառավարութեան որոշումները կը ստորագրուէին բոլոր նախարարներուն կողմէ` նկատի ունենալով, որ բոլորը կը վայելէին հանրապետութեան նախագահի իրաւասութիւնները: «Իսկ ներկայիս` ընթացիկ հարցերու կառավարութեան կողմէ նիստ մը գումարելը մեր մօտ մտավախութիւն կը յառաջացնէ այն իմաստով, որ կրնան որդեգրուիլ նոր աւանդութիւններ եւ գործելաձեւեր, որոնք համահունչ չեն սահմանադրական բնագիրին, որ յստակ է` կառավարութեան կողմէ համախումբ կերպով հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւնները կիրարկելու իմաստով», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Նախարարները շեշտեցին, որ երկրին նախագահական դատարկութիւնը եթէ գումարուի կառավարական դատարկութեան, բնականոն իրավիճակ չի նկատուիր եւ անոր հետ վարուելակերպը` քաղաքական, սահմանադրական եւ Ազգային ուխտի առումով սովորական կրնայ չըլլալ: «Այդ իրավիճակին նկատմամբ պէտք է ազգային պատասխանատուութեան եւ իմաստութեան վարուելակերպ ցուցաբերել` յաւելեալ տնտեսական քայքայումի եւ ազգային երկփեղկումի առաջքը առնելու համար: Այս առումով յստակ է, որ վարչապետի պաշտօնակատարն ու նախարարի պաշտօնակատարները կրնան որեւէ հարց լուծել` գործակցութեամբ խորհրդարանին: Մենք կը մերժենք սահմանադրութեան խախտումը եւ կը մերժենք Ազգային ուխտին հասնելիք հարուածին մեղսակցիլ: Կոչ կ՛ուղղենք բոլոր նախարարներուն միասնաբար նեցուկ կանգնելու սահմանադրութեան եւ ազգային միասնականութեան, եւ չմասնակցելու զանոնք հարուածելու քայլերուն:
Կոչ կ՛ուղղենք վարչապետի պաշտօնակատարին չեղեալ նկատելու իր հրաւէրը, որպէսզի երկրին կայունութիւնը յաւելեալ բարդութիւն եւ դժուարութիւն չապրի` այնքան ատեն որ կարելի է գիտակցիլ եւ հեռու մնալ վտանգներէ, վստահելով սահմանադրութեան, փոխըմբռնումին եւ ազգային միասնականութեան», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Հակառակ ինը նախարարներուն կողմէ նիստը մերժելու կեցուածքին, Միքաթի խորհրդականներէն Ֆարես Ժեմայէլ յայտարարեց, որ կառավարութեան նիստը կը մնայ առկայ:


