Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութեան նիստը գումարուած է համաձայն երկրին սահմանադրութեան եւ կառավարութեան ներքին կանոնագիրին:
Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութիւնը իր քննարկած օրակարգի կէտերուն մեծամասնութիւնը վաւերացուցած է` աւելցնելով, որ նախարարաց խորհուրդը իր դերակատարութիւնը ամբողջութեամբ կատարած է` օրէնքի հիման վրայ:
Ան կոչ ուղղեց քաղաքականութիւնը անջատելու կառավարութեան աշխատանքէն` հաստատելով, որ պահանջուածը ժողովուրդին ծառայելն է եւ քաղաքացիներուն վերաբերող հարցերը քննարկելը: «Մենք բոլոր այս երկրին ծառայելու պարտաւորութեան տակ կը գտնուինք եւ կը գործակցինք շրջանցելու համար այս շատ դժուար փուլը», ըսաւ Միքաթի:
Միքաթի շեշտեց, որ օրակարգի վրայ գտնուած կարգ մը կէտեր, որոնց քննարկումը մերժուած է կարգ մը նախարարներու կողմէ, լրիւ զանց առնուած են:
«Եթէ այսօր կառավարութեան նիստ մը չգումարէինք, երիկամ լուացող եւ քաղցկեղէ տառապող քաղաքացիները, ինչպէս նաեւ առողջապահութեան մարզը մեծ հարուած մը պիտի ստանային: Նիստին ընթացքին վաւերացուցինք նաեւ «Օժերօ»-ին վերաբերող կէտեր, եւ եթէ այդ որոշումները չտրուէին, ապա միջազգային հաղորդակցութիւնն ու համացանցի դրութիւնը ենթակայ պիտի ըլլային ընդհատումի սպառնալիքին` շաբաթ մը ետք», յայտնեց Միքաթի:
Ան նշեց, որ ինք բոլոր նախարարները խորհրդակցութեան հրաւիրած է կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, որպէսզի մէկ ընտանիքի նման քննարկեն հարցերը եւ քաղաքականութիւնը անջատեն ժողովուրդին ծառայելու իրականութենէն: «Ամէնէն աւելի ցաւցնողը այն է, որ ոմանք համայնքային եւ յարանուանական հաշիւներու պիտակին տակ կը ներկայացնեն հարցերը: Մեզմէ ոչ ոք կը փափաքի հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը առնել, եւ որպէսզի այդ հարցը լուծուի, ապա պէտք է ամէնէն արագ կերպով հանրապետութեան նոր նախագահ ընտրել», ըսաւ ան:
Տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի յայտնեց, որ կառավարութիւնը երէկուան իր նիստին ընթացքին համաձայն գտնուեցաւ Կեդրոնական դրամատունէն ամսական դրութեամբ 35 միլիոն տոլար պահանջելու` մահացու հիւանդութիւններու յատուկ դեղորայք, հիւանդանոցային սարքեր եւ երեխաներու կաթ ապահովելու նպատակով: Այդ պահանջը իրերայաջորդ երեք ամիսներու համար է:
Մքերի աւելցուց, որ կառավարութիւնը որոշած է նաեւ բանակայիններուն եւ ապահովական կառոյցներու ուժերուն, մաքսային ոստիկանութեան եւ խորհրդարանի ոստիկանութեան փոխադրածախսի բարելաւում կատարել, ինչպէս նաեւ բանակայիններուն եւ հանգստեան կոչուած զինուորականներուն ընկերային օժանդակութիւն յատկացնել` անոնց ամսական աշխատավարձը կրկնապատկելով, այսինքն` այդ օժանդակութիւնը վերածելով 5-12 միլիոն լ. ոսկիի միջեւ գումարի մը:
Յետմիջօրէին Միքաթի վարչապետարանին մէջ խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ նախարարներու հետ:
Զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ կառավարութեան իւրաքանչիւր նիստի մասնակցելու կամ մերժելու պարագային առանձին որոշում պիտի տրուի:


