ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 41.500 լ. ոսկի է:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ կառավարութեան նիստը խանգարել փորձող նախարարները եւ անոնց զօրակցողները պիտի հաճոյանան, երբ երիկամները լուացող եւ քաղցկեղէ տառապող քաղաքացիները չկարենան իրենց բուժումը ստանալ: «Թող անոնք բժշկական խնամքի կարիքը ունեցող այս հիւանդներուն դասախօսեն սահմանադրութեան, լիազօրութիւններուն եւ «հիւանդ մտավախութիւններուն» մասին», ըսաւ Ապտալլա:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ թուիթըրեան իր հաշիւով տեղադրած է ալեկոծ ծովու լուսանկար մը, ուր նաւերը կը պայքարին ալիքներուն դէմ` շարունակել ծփալու համար: Ան իր տեղադրած լուսանկարին կցած է հետեւեալ բացատրութիւնը. «Երկիրը այսօր` կառավարութեան նիստին մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու, ինչպէս նաեւ երկխօսութիւնն ու բարեկարգումները մերժելու սեմին»:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ կոչ ուղղեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան խորհրդակցելու Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ երկու ուժերուն կողմէ ընդունուած հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի սակը նուազած է 7000 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` դարձեալ 7000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 777.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 795.000 լ. ոսկի, իսկ մազութինը` 823.000 լ. ոսկի:
ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄԻ երեսփոխան Էլիաս Ժարատէ յայտնեց, որ բարեփոխումի երեսփոխանները չեն կրնար հանդուրժել նախագահական դատարկութիւնը` հաստատելով, որ լիբանանցի ժողովուրդը պէտք է փողոց իջնէ, մինչեւ որ կարելի ըլլայ հանրապետութեան նախագահ ընտրել:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի շեշտեց, որ կառավարութեան նիստը հակասահմանադրական է` աւելցնելով, որ պահանջուածը բոլոր նախարարներուն հաւանութիւնն է տրուելիք որոշումներուն, որովհետեւ այդ նիստը կը զուգադիպի նախագահական դատարկութեան ժամանակաշրջանին:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, թէ ո՛վ որ նախագահական ընտրութեան նիստերուն խափանումը կը պատճառէ, իրաւունք չունի ըսելու, որ կառավարութեան նիստերը հակասահմանադրական են: «Մենք պարտադիր անցք մըն ենք` նախագահական ընտրութեան. այս մասին պէտք է իմանան թէ՛ Հըզպալլան եւ թէ՛ բոլորը», շեշտեց Քարամ:


