Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շաբաթավերջին Տար Ֆաթուայի մէջ նախագահեց Իսլամական գերագոյն խորհուրդի ժողովին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Միւֆթի Տըրիան յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը փլուզուած է լիբանանցի պատասխանատուներու ձեռամբ: «Լիբանանը ապահով եւ անհոգ երկրէ մը վերածեցին անօթութեան ու ապագայի հանդէպ վախի երկրի մը», ըսաւ ան` զգուշացնելով համայնքային ու յարանուանական սադրանքներ նախապատրաստող քայլերէն, որոնք կ՛առնուին խորհրդարանին մէջ եւ անկէ դուրս:
Միւֆթի Տըրիան ընդգծեց, որ նման քայլեր կը վնասեն Լիբանանի ինքնութեան եւ անոր պատգամին, ինչպէս նաեւ կը հակադրուին ազգային համերաշխութեան եւ միասնականութեան անոր կամքին:
Իսլամական գերագոյն խորհուրդի ժողովէն բխած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ հանրապետութեան նոր նախագահի մը ընտրութեան անկարելիութիւնը լուրջ մտահոգութիւն է:
Հաղորդագրութիւնը կը շեշտէ, թէ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը ազգային ամբողջական լուծման մը նախաքայլը կը նկատուի` հաստատելով, որ Լիբանանի այլընտրանքը Լիբանանն է, ազգային միասնականութեան այլընտրանքը ազգային միասնականութիւնն է, իսկ պատգամ երկիր մը ըլլալու այլընտրանքը մարդկային եղբայրութեան ու հաւասարութեան պատգամի երկիրն է` հիմք ունենալով ազգային համերաշխութիւնն ու գոյակցութիւնը:
Այս շրջագիծին մէջ, Իսլամական գերագոյն խորհուրդը խորհրդարանէն եւ քաղաքական ուժերու ու կուսակցութիւններու ղեկավարութիւններէն պահանջեց գոյացնել ազգային համաձայնութիւն մը կամ փոխըմբռնում մը, որուն հիման վրայ կարելի ըլլայ իրականացնել հանրապետութեան նոր նախագահի մը ընտրութիւնը:
«Նախագահ մը, որ պաշտպանէ սահմանադրութիւնը, յանձնառու մնայ Թաէֆի համաձայնագիրի անկեղծութեան եւ ամրապնդէ երկրին ազգային միասնականութիւնը», կոչ ուղղեց Իսլամական գերագոյն խորհուրդը:
Խորհուրդը ընդգծեց նաեւ, որ երկրին տագնապը կարելի է լուծել միայն լիբանանեան ազգային միասնական կամքով` աւելցնելով, որ լիբանանեան դրամանիշին արժեզրկումը լիբանանցի քաղաքացիին կեանքը, արժանապատուութիւնն ու ապրուստը արժեզրկելու համազօր է, ինչ որ քաղաքացիէն կը խլէ բարօր կեանք մը ապրելու իրաւունքը եւ հայրենիքը կը խրէ յաւելեալ աղքատութեան եւ զրկանքի մէջ, մինչ երկրէն դուրս փոխանցուած գումարները կը կուտակուին եւ կը կրկնապատկեն անարդարութեամբ դիզուած հարստութիւնը:


