Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքացիական Պաշտպանութեան Ուժերու Միջազգային Օր «Պետութիւնը Պիտի Հիմնուի, Առանց Անոր Կայունութիւնը Ցնցուելու» Շեշտեց Պասսամ Մաուլաուի

March 6, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու միջազգային օրուան առիթով անցեալ շաբաթավերջին «Սիսայտ Արենա»-ի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը, հովանաւորութեամբ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիի, եւ ներկայութեամբ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն գնդապետ Ռեմոն Խաթթարի, ինչպէս նաեւ դեսպաններու, նահանգապետներու, մաքսատան եւ պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահներուն, ինչպէս նաեւ զինուորական եւ ապահովական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն եւ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու պաշտօնեաներուն ու կամաւորներուն:

Այս առիթով Ռեմոն Խաթթար յայտնեց, որ այս տարի Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու միջազգային օրը կը զուգադիպի ճգնաժամային օրերու, տնտեսական եւ ելեւմտական փլուզումի ցաւոտ պայմաններու, ինչպէս նաեւ երկրաշարժերու, որոնք բոլորը կը հաստատեն Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու կազմ ու պատրաստ վիճակը` դիմագրաւելու որեւէ տեսակի տագնապ ու աղէտ, ինչքան ալ լուրջ ըլլան դժուարութիւնները:

Խաթթար շնորհաւորեց Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը` աւելցնելով, որ Մաուլաուի ճիգ չէ խնայած կամաւորները իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատելու իմաստով` մաղթելով, որ այդ իրագործումը կատարուի:

Իր կարգին, Մաուլաուի շնորհաւորեց Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը` շեշտելով, որ անոնք մէկական հերոսներ են, որոնք Լիբանանը պաշտպանած են հրդեհներէն եւ տարբեր տեսակի աղէտներէ:

Ան աւելցուց, որ անոնց նուիրումն ու անձնազոհութիւնը շրջանցեց երկրին սահմանները` հասնելով մարդասիրական կարիքներու եւ քաղաքայինները դուրս բերելով երկրաշարժին պատճառով գոյացած փլատակներու կոյտերուն տակէն:

Մաուլաուի յայտնեց, որ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն ջանքերը կը ծառայեն Լիբանանին եւ լիբանանեան պետութեան համար ոչ մէկ բեռ կ՛ենթադրեն:

Ան հաստատեց սակայն, որ երկար սպասումէ ետք տրուած է որոշում մը, որուն հիման վրայ կամաւորները իրենց պաշտօններուն վրայ պիտի հաստատուին:

Մաուլաուի ընդգծեց, որ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը ամէնէն աւելի կը նուիրեն երկրին` առանց որեւէ ակնկալութեան: Ան աւելցուց, որ պետութիւնը պիտի հիմնուի, առանց անոր կայունութիւնը ցնցուելու:

 

Նախորդը

Դրամատուներու Միութիւնը Որոշեց Իր Գործադուլը Բեկանուած Պահել Մինչեւ 10 Մարտ

Յաջորդը

Իսլամական Գերագոյն Խորհուրդ. «Լիբանանը Ապահով Եւ Անհոգ Երկրէ Մը Վերածեցին Անօթութեան Ու Ապագայի Հանդէպ Վախի Երկրի Մը»

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.