Անկախութիւն շարժումի նախագահ եւ Վերանորոգում երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ պետութեան ամբողջական լուծման եւ լիբանանցի ժողովուրդի դժբախտացման իրականութիւն մը կ՛ապրին բոլորը:
Ան աւելցուց, որ նախագահական ընտրութիւնը այդ իրականութեան լուծում մը գտնելու հիմնական բանալին է, որուն ընդմէջէն Լիբանանը կը կապուի աշխարհին, եւ անոր հիմերը կը զետեղուին:
Մուաուատ շեշտեց, որ իրենք չեն փափաքիր ունենալ հանրապետութեան նախագահ մը, որ կը ներկայանայ իբրեւ ներկայ իրավիճակը ծածկող անհատ մը` աւելցնելով, որ ինք կը ներկայացնէ ծրագիր մը, որ գերիշխանական է եւ հիմնուած է բարեկարգումներու վրայ:
Ան նկատել տուաւ, որ անհատը անկարեւոր է, ծրագիրն է կարեւորը:
Անդրադառնալով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի արտայայտութիւններուն` Մուաուատ շեշտեց, որ ինք չի փափաքիր անդրադարձ կատարել Ժոմպլաթի յայտարարութեան, «սակայն ինչ կը վերաբերի Պըրրիի արտայայտութիւններուն, պէտք է հաստատել, որ անոր խօսքերը խորհրդարանի նախագահի խօսքեր չեն եւ մերժելի են: Պէտք է անոր եւ ուրիշներու համար յստակ ըլլայ, թէ չենք ընդունիր մեր արժանապատուութեան վրայ յարձակում գործել: Խորհրդարանը Պըրրիին չի պատկանիր», ըսաւ ան:
Մուաուատի Ամբաստանութիւններուն Դէմ
Պատասխանները Կը Շարունակուին
Մուաուատի կողմէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի դէմ հրապարակած հաղորդագրութեան ի պատասխան, Մարատա հոսանքը հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Զղարթայի եւ հիւսիսային Լիբանանի արժանապատուութեան նկատմամբ մեր յանձնառութենէն մեկնելով` մենք զմեզ զերծ կը կացուցենք քեզի պատասխանելէ, մինչդեռ դուն ամէն առիթ եւ կարելիութիւն կ՛օգտագործես ցեխարձակում կատարելու Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի դէմ: Մենք յաջողութիւն կը մաղթենք քեզի` մաղթելով, որ օր մը կը վերադառնաս Զղարթայի արժանիքներուն: Իսկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին էր եւ կը մնայ երկխօսութեան ղեկավարը` բոլորին իսկ վկայութեամբ: Պըրրին բանավէճի նիւթ կարելի չէ դարձնել, ան շատ աւելի մեծ է, քան` որեւէ բանավէճ»:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակը իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ մինչ երկիրը անդունդն ի վար կը գլորուի, քաղաքական ուժերը աւելի եւս իրարու դէմ կը լարուին եւ արտակարգ իրաւունքներ ունենալու կշիռ կը շնորհեն իրենք իրենց, առանց համոզուելու, որ պէտք է ուղղուին երկխօսութեան եւ առանց իրարու դէմ մարտահրաւէր կարդալու փոխըմբռնումի գոյացման:
«Այս մօտեցումին փոխարէն մենք ցաւ ի սիրտ կը տեսնենք յաւելեալ ցեխարձակում եւ քաղաքական ուժերուն միջեւ երկփեղկում յառաջացնող խօսքեր: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւիրած երկխօսութեան ընդառաջելու փոխարէն, կարգ մը ուժեր կ՛ուղղուին դէպի անել կացութիւն եւ Պըրրիի հասցէին կը հնչեցնեն ամբաստանութիւններ: Այս դժուար կացութեան ընթացքին փրկութեան միակ ճամբան երկխօսութիւնն է», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Նախկին երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ իր կարգին հաստատեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան հաղորդագրութիւնը մատը վէրքին վրայ դրած է` աւելցնելով, որ պէտք է ամէնէն մօտիկ ապագային հանրապետութեան նախագահ ընտրել, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրի քաղաքական տագնապի լուծման անիւը թաւալել:
Նշենք, որ Պըրրի նախագահական ընտրութեան թեկնածութեան իմաստով Միշել Մուաուատը նկատած էր արհեստական բեղմնաւորման փորձանօթ, իսկ Մուաուատ Պըրրին նկատած էր միլիսական դերակատարութիւն ունեցող պատասխանատու մը, որ փտածութեան վարպետն է:


