Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 4, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 79.500 լ. ոսկի է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.439.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.473.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.369.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 967.000 լ. ոսկի:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ յայտնեց, որ վաճառատուներն ու հանրախանութները ամերիկեան տոլարով կրնան ճշդել իրենց վաճառած ապրանքատեսակներուն սակերը` աւելցնելով, որ անիկա առժամեայ որոշում է եւ արտակարգ միջոցառում:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի կոչ ուղղեց պետական դպրոցներու ուսուցիչներուն վերսկսելու դասաւանդումներուն եւ լիբանանցի աշակերտները փրկելու տիրող անորոշութենէն: Ան հաստատեց, որ ուսուցիչներուն համար կարելի եղած է պենզին ապահովել` փոխադրածախսի փոխարէն, ինչպէս նաեւ տոլարով վճարումներ կատարել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ երեսփոխան Ֆիրաս Համտան ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլը զգուշացուց եւ կոչ ուղղեց անոր յետս կոչելու մաքսային տոլարը 45.000 լ. ոսկիի վերածելու որոշումը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ շեշտեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւններու կայացումը անհրաժեշտութիւն է` աւելցնելով, որ քաղաքապետութիւններն են ապակեդրոնացեալ դրութեան հիմքը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ երկրին մէջ օգտագործուած քաղաքական բառամթերքին մակարդակը կ՛ենթադրէ վերադառնալ ազգային երկխօսութեան:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ռազի Հաժ յայտնեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան կողմէ նոր սակերու հիման վրայ կատարուած գանձումները օրինազանցութիւն կը նկատուին:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմի հետ քննարկեց Հալպայի հաղորդակցութեան կեդրոնին դիմագրաւած հեռաձայնային եւ համացանցային հաղորդակցութեան հարցը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւններն ու սահմանադրական գործընթացները:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի նախագահ, երեսփոխան Ուսամա Սաատ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուրը, որուն հետ քննարկեց Պաղեստինեան իշխանութեան վերաբերող հարցերն ու զարգացումները:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկիրը յուզող ներկայ զարգացումները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի մէջ ընդունեց երեսփոխան Աշրաֆ Ռիֆին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ռիֆի շեշտեց, որ իրենք խորհրդարանին կատարելիք նախագահական ընտրութեան օրինաթիւ գոյացնող բարեսիրական միութիւն մը չեն` աւելցնելով, որ իրենց համար ընդունելի է միայն գերիշխանական, փրկարար եւ բարեկարգչական նախագահի մը ընտրութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը ձերբակալեց դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած խումբ մը յանցագործներ, որոնք Սուրի մէջ մեծ թիւով ոճիրներ գործած էին: Բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Սուրի մէջ գործադրեց տեսակարար գործողութիւն մը, որուն ընթացքին կրցաւ ձերբակալել չորս յանցագործներ, ինչպէս նաեւ գրաւել անոնց մօտ գտնուող երկու գնդացիրները, զինամթերքն ու բջիջային հեռաձայնները, որոնք յանձնուեցան դատական իշխանութիւններուն:

 

 

Նախորդը

Լաւրով. «Ռուսիան Այլեւս Արեւմուտքին Պիտի Չարտօնէ Պայթեցնել Կազի Խողովակաշարերը»

Յաջորդը

Համիէ. «Պէյրութի Նաւահանգիստին Մէջ 34 Հազար Քառ. Մեթր Տարածութիւն Մը Պիտի Տրամադրուի Նաւթային Մարզի Գումակային Ծառայութեանց»

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?