Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարը, որուն ընկերակցեցաւ համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Ասմար յայտնեց, որ Միքաթիէն պահանջած են աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամի ստորագրած սղաճին համապատասխանող աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնել` կառավարութեան գումարելիք նիստին ընթացքին, մաղթելով, որ այդ նիստը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին գումարուի:
Ասմար նկատել տուաւ, որ այս նիստին ընթացքին պէտք է նաեւ վաւերացուին սեփական մարզի պաշտօնեաներու փոխադրածախսի, ինչպէս նաեւ դպրոցական եւ ընտանեկան հատուցումներու հրամանագիրները:
Ասմար յայտնեց, որ այս վաւերացումէն եւ որոշումը պետական պաշտօնաթերթին մէջ հրատարակուելէ ետք, ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբը անմիջապէս ժողով մը պիտի գումարէ: Ան աւելցուց նաեւ, որ համադաշնակցութիւնը արդէն իսկ նախապատրաստական ժողովներու սկսած է տնտեսական կարգ մը մարզերու հետ, յատկապէս Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ Մոհամետ Շքէյրի հետ:
Ասմար աւելցուց նաեւ, որ պետական մարզի պաշտօնեաներուն համար պահանջած են, որ աշխատավարձի յաւելումներն ու փոխադրածախսը ընդգրկեն ամբողջ պետական մարզը, այսինքն` Ազգային ապահովագրութեան, «Օժերօ»-ի, պետական հաստատութիւններու, Պետական հեռատեսիլի կայանի, քաղաքապետարաններու, քաղաքապետական համադաշնակցութիւններու, կառավարական հիւանդանոցներու եւ Լիբանանեան համալսարանի պաշտօնեաները:
Ասմար յայտնեց նաեւ, որ Միքաթիի հետ քննարկած են հանգստեան կոչուող պաշտօնեաներուն ստացած հատուցումներուն վերաբերող հարցեր: Ան ընդգծեց, որ համադաշնակցութիւնը կտրականապէս կը մերժէ մաքսային տոլարի 45.000 լ. ոսկիի բարձրացումը` աւելցնելով, որ Միքաթիի հետ համաձայնած են այս իմաստով միացեալ ժողով մը գումարել ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատարին հետ:
Ասմար շեշտեց, որ պետութիւնը մուտք ապահովելու մասին կը մտածէ, սակայն մերժելի է, որ ան իր մուտքերուն 90 առ հարիւրը լիբանանցիներէն ապահովէ: Ան հաստատեց այս փուլին ընթացքին տուրքերն ու հարկերը նուազեցնելու կարեւորութիւնը: «Պետութեան տուած բոլոր որոշումները սերտուած չեն եւ անոնք պատճառ կը դառնան, որ պաշտօնեան իր եկամուտին աւելի քան 56 առ հարիւրը վնասէ, հետեւաբար պէտք է այդ որոշումները վերատեսութեան ենթարկել, յատկապէս ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատարին եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին կողմէ», ըսաւ ան:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Առոլտօ Լասարոն, որուն հետ վարչապետի պաշտօնակատար Միքաթի քննարկեց սահմանային շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին կողմէ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին մասին պատրաստուելիք տեղեկագիրին վերաբերող մանրամասնութիւններուն:
Միքաթի բարձր գնահատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու դերակատարութիւնը, յատկապէս Իսրայէլի կողմէ սահմանային Կապոյտ գիծը խախտելու փորձերը զսպելու իմաստով:
Միքաթի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թարրաֆը, որ յայտնեց, թէ Միքաթիի հետ շինիչ քննարկում ունեցած է միացեալ հարցերու շուրջ:
Ան աւելցուց, որ քննարկած են ապահովական մարզի թղթածրարներու, սուրիացի տեղահանուածներու, տնտեսական առիթներու, նախագահական ընտրութեան եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բարեկարգումի ծրագիրին մասին բանակցութիւններու վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Թարրաֆ ողջունեց Միքաթիի ցուցաբերած հասկացողութիւնը` իրենց մտահոգութիւններուն, ինչպէս նաեւ անոր յանձնառութիւնը երկրին հարցերուն լուծման առումով:
Անդրադառնալով տիրող տնտեսական տագնապին եւ լիբանանցիներուն դիմագրաւած տառապանքին` Թարրաֆ յայտնեց, որ պէտք է ըմբռնում գոյանայ, որ Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանի օժանդակութեան պատրաստ է, սակայն կան շարք մը միջոցառումներ եւ դասաւորումներ, որոնք պէտք է որդեգրուին լիբանանցի պատասխանատուներուն կողմէ:
Թարրաֆ հաստատեց, որ ինք տակաւին կը հաւատայ, որ լաւագոյն ձեւը Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ գործադրուելիք բարեկարգումի ծրագիրն է` աւելցնելով, որ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել այս ուղղութեամբ:
Միքաթի կէսօրին նախագահեց փոխադրութեան մարզին վերաբերող ժողովի մը, որուն ներկայ գտնուեցան հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ, զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար, ինչպէս նաեւ ցամաքային փոխադրութեան մարզի պատասխանատու համադաշնակցութիւններ, որոնց շարքին` Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս:
Ժողովէն ետք Սալամ յայտնեց, որ քննարկուած են ցամաքային փոխադրութեան մարզին դիմագրաւած հարցերն ու դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ անոնց պահանջները` տարբեր նախարարութիւններէն:
Սալամ նկատել տուաւ, որ ամէնէն լուրջ հարցը ցամաքային փոխադրութեան սակը ճշդելու հարցն է` նկատի ունենալով ամերիկեան տոլարի փոխարժէքին արձանագրած մնայուն փոփոխութիւնը:
Սալամ նկատել տուաւ, որ համապատասխան նախարարութիւնները ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն օժանդակելու համար փոխադրութեան մարզի դիմագրաւած հարցերուն մասնակի լուծման:
Իր կարգին, Թլայս շնորհակալութիւն յայտնեց Միքաթիին անոր ցուցաբերած համագործակցութեան համար` ընդգծելով, որ իրենց նիստերը բաց պիտի մնան:
ՆՇԵՆՔ, որ Միքաթի ընդունեց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար գնդապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարին` ներկայութեամբ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիի:


