Միջազգային դրամական ֆոնտի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Էռնեսթօ Ռիկօ Ռամիրեզի, նախորդ երկու օրերուն Լիբանանի մէջ հանդիպումներ ունեցան լիբանանցի պատասխանատուներու հետ, քննարկելու համար Լիբանանի տնտեսական տագնապն ու զայն լուծելու կարելիութիւնները, յատկապէս բարեկարգումները գործադրելու առումով:
Ռամիրեզ եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Ապա խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` Միջազգային դրամական ֆոնտի պատուիրակութեան եւ երեսփոխաններ Իպրահիմ Քանաանի եւ Ժորժ Ատուանի միջեւ:
Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան ու Արդարադատութեան ու վարչական հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Ժորժ Ատուան Ռամիրեզի հետ քննարկեցին Լիբանանի ելեւմտական ու տնտեսական կացութիւնը եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութեան ընթացագիծը:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը ընտրելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ անիկա հիմնական մուտքն է պետական հաստատութիւնները վերաշխուժացնելու: Անոնք նաեւ հաստատեցին տնտեսական եւ ելեւմտական մարզերու ապաքինման ծրագիր մը ունեցող կառավարութեան մը կազմութեան անհրաժեշտութիւնը:
Միջազգային դրամական ֆոնտի պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ այն պայմանները, որոնց Լիբանան կարիք ունի` ապաքինելու եւ տնտեսական իր դիմագրաւած տագնապէն դուրս գալու համար:
Ռամիրեզ երէկ վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի եւ փոխվարչապետի պաշտօնակատար Սաատէ Շամիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ պատուիրակութեան ունեցած խորհրդակցութիւնները, որոնց լոյսին տակ պիտի մշակուի արժեւորման տեղեկագիրը:
Նշենք, որ Միջազգային դրամական ֆոնտի պատուիրակութիւնը, երէկ աւարտելէ ետք Լիբանանի մէջ իր հանդիպումները, մեկնեցաւ Լիբանանէն:
Պատուիրակութեան նախագահ Ռամիրեզ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զգուշացուց, որ Լիբանան շատ վտանգաւոր կացութեան մէջ կը գտնուի` հաստատելով, որ երկրին մէջ տիրող կացութիւնը անկիւնադարձային է:
«Լիբանան շատ վտանգաւոր կացութեան մը մէջ կը գտնուի` նկատի ունենալով անոր տնտեսութեան արագ փլուզումը: Ան շեշտեց, որ բարեկարգումներու գործադրութեան իմաստով արձանագրուած յապաղումը երկիրը կը մղէ դէպի անվերջ տագնապ», շեշտեց Ռամիրեզ: