Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 28, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 107.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 90.000 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կողմէ հրապարակուած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.949.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.996.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.799.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 1.269.000 լ. ոսկի:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ երէկ ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի անդամ, երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ ապահովագրութեան ընկերութիւնները պէտք է յանձնառու մնան բժիշկներու սենտիքային տուած իրենց խոստումներուն` բժիշկի այցեգինի կամ բժշկական խնամք տրամադրելու վերաբերեալ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ պատին վրայ կախուած ժամացոյցին ետին թաքնուած է համայնքային եւ յարանուանական հոգեբանութիւն, որ երկիրը ոչ մէկ ելքի կ՛առաջնորդէ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան լուծում գոյութիւն չունի առանց երկխօսութեան. ան աւելցուց, որ փրկութիւնը կ՛ենթադրէ ընտրել հանրապետութեան այնպիսի նախագահ մը, որ կարենայ քաղաքական բոլոր ուժերը համախմբել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Այուպ Հըմայէտ յայտնեց, որ ամառնային եւ ձմեռնային ժամանակացոյցերուն հարցը պէտք չէ շահագործել` բնազդներ արթնցնելու նպատակով, «որովհետեւ անիկա վարչական որոշում մըն է, որ տրուած է` ծառայելու համար պաշտօնեաներուն», ըսաւ ան:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան անհրաժեշտ նկատեց երկրին մէջ արձանագրուած սուր կեցուածքները մեղմացնել, որպէսզի կարելի ըլլայ հանդէս գալ կեցուածքով մը, որ կը փրկէ երկիրը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի յետս պիտի կոչէ իր կատարած սայթաքումը: Ան հարց տուաւ, թէ արդեօք անոնք գիտէի՞ն, թէ ամառնային ու ձմեռնային ժամանակացոյցերուն հետ խաղալը համայնքային երկփեղկումը կը խորացնէ:

 

Նախորդը

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին Սրբազան Աջին Օրհնութիւնը Բաշխուեցաւ Հաւատացեալ Ժողովուրդին

Յաջորդը

Ժահժահ Պուխարիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանան Նուրբ Փուլէ Կ՛անցնի, Շրջանային  Շրջադարձի Մը Պայմաններուն Մէջ,  Որոնց Լուսանցքին Վրայ Չի Կրնար Մնալ»
Լիբանանեան

Պատասխանելով Հըզպալլայի Բաց Նամակին` Սալամ. «Պատերազմի Եւ Խաղաղութեան Որոշումը Վերապահուած Է Պետութեան, Եւ Ոչ Ոք Այդ Որոշումը Տալու Իրաւասութիւն Ունի»

Նոյեմբեր 8, 2025
Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնն Ու Եուրոփոլը Կը Նշեն.  «Հըզպալլան Տակաւին Վտանգաւոր  Կազմակերպութիւն Մըն Է, Որ Մտադիր Է  Արտասահմանի Մէջ  Իր Ներկայութիւնը Պահպանել»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Այսուհետեւ Իրանին Եւ Հըզպալլային Կարելի Չէ Արտօնել Լիբանանը Գերի Պահել»

Նոյեմբեր 8, 2025
Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներուն Որդեգրած Որեւէ Որոշումի, Որ Ցեղասպանութեան Դադրեցման Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Կազայէն Հեռացման Կը Յանգեցնէ»
Լիբանանեան

Թեհրան. «Կը Դատապարտենք Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Վայրագ Օդային Յարձակումները»

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?