Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սլիմ – Զօր. Աուն Հանդիպում

March 25, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ երէկ Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան բանակին եւ երկրին ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ բանակին կարիքներն ու ամէնօրեայ դրութեամբ անոնց իրագործած զինուորական գործողութիւնները` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Սլիմ եւ զօր. Աուն հաստատեցին այս գերզգայուն վիճակին ընթացքին լիբանանեան բանակին դերակատարութեան կարեւորութիւնը` պահպանելու համար երկրին անվտանգութիւնն ու պայքարելու ոճրագործներու եւ աւազակախումբերու դէմ:

Հարապթայի Անցարգելին Մօտ Կրակոց`
Բանակին Եւ Անծանօթներու Միջեւ  

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Պեքաայի Հարապթա շրջանին մէջ գտնուող անցարգելին մօտ երէկ արձանագրուած են կրակոցներ` բանակին եւ անծանօթներու միջեւ:

Կրակոցներուն պատճառը եղած է այն, որ Հարապթայի անցարգելին մօտ ինքնաշարժ մը մերժած է կանգ առնել եւ բանակայիններուն ուղղութեամբ կրակած: Զինուորները իրենց կարգին կրակ բացած են ինքնաշարժին մէջ գտնուողներուն ուղղութեամբ եւ կատարած ձերբակալութիւններ:

Միւս կողմէ, կարգ մը լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ ձերբակալուածները Զաայթեր աշիրեթի անդամներ են, իսկ վիրաւորներէն մէկը թմրանիւթի մաքսանենգումի գործով զբաղող հանրածանօթ Նուհ Զաայթերի զաւակն է, որ փոխադրուած է Պաալպեքի հիւանդանոցներէն մին:

Նոյն տեղեկութիւնները շեշտեցին նաեւ, որ բանակը ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրած է նաեւ Պաալպեքի մէջ:

 

Նախորդը

Միքաթի Շարունակեց Քննարկել Լիբանանեան Համալսարանի Թղթածրարը

Յաջորդը

Պարպրա Լիֆ Լիբանանցի Քաղաքական Անձնաւորութիւններու Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.