ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 109.000 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 90.000 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կողմէ հրապարակուած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.940.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.987.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.791.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 1.263.000 լ. ոսկի:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանական միացեալ յանձնախումբերու նիստը մէկ օրով յետաձգեց: Այլ խօսքով` նիստը երկուշաբթի, 27 մարտի փոխարէն պիտի գումարուի 28 մարտ 2023-ին: Նշենք, որ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պապական նուիրակ գերապայծառ Փաուլօ Պորճիան եւ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հաստատեց, որ ամառնային ժամանակացոյցի դրութիւնը սկսելու իմաստով արձանագրուած յետաձգումը իր իմաստներով շատ «տպաւորիչ» է: «Կարելի չէ այդ մասին լուռ մնալ, այն աստիճան, որ պէտք է վիճարկել զայն եւ անհնազանդ ըլլալ այդ իմաստով», աւելցուց ան: Նշենք, որ Պասիլ կիրակի, 26 մարտ 2023-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին հանդէս պիտի գայ մամլոյ ասուլիսով մը:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթթա Պոմպարտիերիի հետ: Քննարկուեցան զանոնք վերակառուցելու եւ զանոնք քանդելու ոճիրին դէմ պայքարող ապահովական յատուկ խմբաւորում մը ստեղծելու կարելիութիւնները:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Մարուան Համատէ կոչ ուղղեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին ընտրելու հանրապետութեան նախագահը` աւելցնելով, որ Սուրիա կը վերադառնայ արաբական երկիրներու գիրկը, մինչդեռ Լիբանան կը մնայ բզկտուած վիճակի մէջ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը ամբողջութեամբ քանդուած է` առանց պատերազմներու եւ կռիւներու:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա հաստատեց, որ բոլոր լիբանանցիները վկայ են, թէ ինչպէ՛ս խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երկիրն ու պետութիւնը կ՛առաջնորդեն դէպի ամբողջական քանդում: