Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի. «Կառավարութիւնը Կատարելապէս Կը Գործադրէ Իր Պարտաւորութիւնները»

March 24, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ:

Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ Տար Ֆաթուա այցելած է ռամատանի առիթով հանրապետութեան միւֆթին շնորհաւորելու:

Ան նշեց, որ միւֆթի Տըրիանի հետ քննարկած է լիբանանեան ընդհանուր հարցեր, ինչպէս նաեւ սիւննի համայնքին վերաբերող խնդիրներ:

«Հիմնականին մէջ քննարկեցինք քաղաքացին յուզող հարցեր եւ լաւ գիտենք Լիբանանի դիմագրաւած դժուար կացութեան մասին: Հանդիպումին ընթացքին հակիրճ բացատրութիւն մը տուի մեր գործունէութեան մասին եւ նշեցի, որ կառավարութիւնը կատարելապէս կը գործադրէ իր պարտաւորութիւնները եւ իր մշակած օրինագիծերը խորհրդարան ուղարկած է` բարեկարգումներուն սկսելու նպատակով», ըսաւ Միքաթի:

Պըրրիի Մօտ

Միքաթի այցելեց նաեւ Այն Թինէ, ուր  հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ խորհրդարանի դիւանին գումարելիք նիստը առկախուած է, որպէսզի կարգ մը օրինագիծեր փոխանցուին խորհրդարանական յանձնախումբերուն, որոնք պիտի սերտեն զանոնք` խորհրդարանի օրէնսդրական յաջորդ նիստը աւելի արդիւնաւէտ դարձնել համար:

Միքաթի նշեց, որ Պըրրիի հետ նոյն տեսակէտները բաժնած է այն իմաստով, որ պէտք է շտապ գործողութիւններու դիմել` երկիրը փրկելու նպատակով:

«Խանգարուած խորհրդարանով մը եւ հանրապետութեան նախագահի չգոյութեամբ, կառավարութիւնը իր դերակատարութիւնը չի կրնար ունենալ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը անհրաժեշտ է եւ հիմնական լուծում:

«Ո՛վ որ կը քննադատէ մեր գործունէութիւնը, թող նախագահ ընտրէ», հաստատեց ան:

Միքաթի դիտել տուաւ, որ լիբանանցիներուն դիմաց երեք ընտրանք կայ. ա) համաձայնիլ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ, բ) համաձայնիլ իրարու հետ եւ գ) բնաւ չհամաձայնիլ: «Մենք այս երրորդ ընտրանքին կողմ ըլլալու հակուած ենք», ըսաւ Միքաթի` հարց տալով, թէ արդեօք ո՞վ է շահաւորը, եթէ մենք չհամաձայնինք:

Միքաթի հաստատեց, որ լիբանանցիները այս իրականութեան գինը սուղ կը վճարեն` աւելցնելով, որ քաղաքական ուժերն են այս կացութեան պատասխանատուները:

ՆՇԵՆՔ, որ Նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէ յայտնեց, որ Միքաթի կը ծրագրէ կառավարութիւնը նիստի մը հրաւիրել` քննարկելու համար երկրին ելեւմտական կացութիւնը, երկուշաբթի, 27 մարտ 2023-ին, վարչապետարանին մէջ:

 

Նախորդը

Ռամատանի Ամիսը Սկսելու Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Յաջորդը

ԵԽԽՎ-ի Յանձնախումբը Ազրպէյճանը Կը Յորդորէ Կատարելու Բերձորի Միջանցքին Վերաբերեալ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի Որոշումը

RelatedPosts

Վարչապետարանին Մէջ  Սալամ-Հնգեակ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետարանին Մէջ Սալամ-Հնգեակ Հանդիպում

January 13, 2026
Եգիպտոս Սուրիոյ Ճամբով Լիբանան Օրական  50 Միլիոն Խորանարդ Մեթր Կազ Մղելու Սկսա՞ծ Է
Լիբանանեան

Եգիպտոս Սուրիոյ Ճամբով Լիբանան Օրական 50 Միլիոն Խորանարդ Մեթր Կազ Մղելու Սկսա՞ծ Է

January 13, 2026
Ընտրութիւններու Վերահսկողութեան  Մարմինը Տուաւ Իր Երդումը
Լիբանանեան

Ընտրութիւններու Վերահսկողութեան Մարմինը Տուաւ Իր Երդումը

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.