Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Ռամատանի Առիթով Շնորհաւորեց Լիբանանցիները Եւ Ընդունեց Խարազին

March 24, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ռամատանի առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները` շեշտելով, որ զուգադիպութիւն մը չէ, որ ռամատանի առիթով իսլամական ծոմապահութիւնը եւ քրիստոնեայ համայնքին Մեծ պահքը միաժամանակ կ՛ընթանան: «Այս իրականութիւնը արժէքներու հանդիպման հոգեւոր պատգամ է, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ազգային համերաշխութիւնն ու Լիբանանը պահպանելու մնայուն կոչ», ըսաւ Պըրրի` աւելցնելով, որ հայրենասիրութիւնը հաւատքէն կու գայ:

Միւս կողմէ, նշենք, որ երկուշաբթի, 27 մարտ 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին գումարուելիք խորհրդարանի դիւանին նիստը առկախուեցաւ, ինչ որ իր կարգին կը նշանակէ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստ մը գումարելու առկախում:

Միւս կողմէ, Պըրրի ընդունեց Իրանի արտաքին քաղաքականութեանց ռազմավարական խորհուրդի նախագահ Քամալ Խարազին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:

Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանին. քննարկուեցան Լիբանանն ու շրջանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Խարազի այցելեց նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի, որուն հետ քննարկեց իրանեան-սէուտական համաձայնութեան, Իրանի հիւլէականի թղթածրարին, ինչպէս նաեւ շրջանին վերաբերող շարք մը հարցեր:

Խարազի շեշտեց Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւնը միջլիբանանեան համախոհութեամբ կատարելու կարեւորութիւնը:

Խարազի այցելեց նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի: Քննարկուեցան շրջանը յուզող քաղաքական իրադարձութիւնները:

 

 

Նախորդը

Միջազգային Դրամատունը Կը Զգուշացնէ. «Լիբանան Շատ Վտանգաւոր Կացութեան Մէջ Է»

Յաջորդը

Ռամատանի Ամիսը Սկսելու Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

RelatedPosts

Վարչապետարանին Մէջ  Սալամ-Հնգեակ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետարանին Մէջ Սալամ-Հնգեակ Հանդիպում

January 13, 2026
Եգիպտոս Սուրիոյ Ճամբով Լիբանան Օրական  50 Միլիոն Խորանարդ Մեթր Կազ Մղելու Սկսա՞ծ Է
Լիբանանեան

Եգիպտոս Սուրիոյ Ճամբով Լիբանան Օրական 50 Միլիոն Խորանարդ Մեթր Կազ Մղելու Սկսա՞ծ Է

January 13, 2026
Ընտրութիւններու Վերահսկողութեան  Մարմինը Տուաւ Իր Երդումը
Լիբանանեան

Ընտրութիւններու Վերահսկողութեան Մարմինը Տուաւ Իր Երդումը

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.