Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Քաղաքական Տագնապը Տեղքայլի Մէջ Է, Իսկ Քըրնեթ Սաուտայի Ոճիրին Հետաքննութիւնը Կը Շարունակուի

July 5, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` Լիբանանի համար յատուկ անձնական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի Լիբանան կատարած այցելութենէն ետք, երկիրը մուտք գործեց Ատհայի տօնին առիթով տրուած արձակուրդային մթնոլորտին մէջ:

Այս մթնոլորտը պատճառ դարձաւ երկրին քաղաքական տագնապին արձանագրած տեղքայլին:

8 ամսուան նախագահական դատարկութեան փուլէն ետք, նախագահական ընտրութեան կարելիութեան ոչ մէկ յոյս կայ, իսկ Լիբանան կը սպասէ ֆրանսական նախաձեռնութեան, որ, կարելի է ըսել, գետնի վրայ միակն է, հակառակ անոր որ ներկայիս նաեւ այդ նախաձեռնութենէն կարելի չէ շտապ արդիւնքներ ակնկալել` նկատի ունենալով Ֆրանսայի ներքին իրարանցումները:

Միւս կողմէ, առկայ կը մնայ այն իրողութիւնը, թէ Լը Տըրիան այս ամիս պիտի վերադառնայ Պէյրութ` խորհրդակցելէ ետք լիբանանեան թղթածրարը Ֆրանսայի հետ քննարկող չորս այլ երկիրներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Այդ երկիրներն են Միացեալ Նահանգներ, Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոս եւ Քաթար, որոնք Ֆրանսայի հետ կը կազմեն հնգեակ մը:

Վերջերս շրջանառութեան մէջ դրուած են լուրեր, թէ Ֆրանսա կը միտի այդ խմբակը վեցեակի վերածել` աւելցնելով նաեւ Իրանը, սակայն այդ մէկը պիտի ըլլայ հնգեակին մաս կազմող երկիրներու ներկայացուցիչներուն հաւանութեամբ:

Միւս կողմէ, Քըրնեթ Սաուտայի ոճիրին հետաքննութիւնը կը շարունակուի, սակայն տակաւին նոր տեղեկութիւններ չեն արձանագրուած:

Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը երէկ երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ հակառակ ճնշումներուն եւ սպառնալիքներուն, դատաւորները իրենց պարտականութիւնը կը կատարեն` աւելցնելով, որ ոչ մէկ յապաղում կամ ձգձգում կ՛արձանագրուի այս թղթածրարին հարցով:

Նախորդը

Միքաթի. «Կառավարութիւնը Պատասխանատու Չէ Նախագահական Դատարկութեան Եւ Անիկա Նախագահական Ընտրութիւնը Չ՛արգիլեր»

Յաջորդը

Մահացաւ Կուսակցական Եւ Հասարակական Գործիչ Անդրանիկ Մսըրլեան

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.