ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 91.400 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը 85.500 լ. ոսկի:
ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ ընտրելու` վերջ տալու համար համայնքային չարաշահումին եւ Լիբանանի դիմագրաւելիք յաջորդ փուլին շուրջ փոխըմբռնում գոյացնելու համար:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար երէկ ընդունեց երեսփոխաններ Էլիաս Ըսթֆենը, Ժորժ Օքէյսն ու Սելիմ Աունը, որոնց հետ քննարկեց Զահլէի վերաբերող զբօսաշրջական ծրագիրներ: Հանդիպումին մասնակիցները համաձայնեցան Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով մարզա-զբօսաշրջական օր մը կազմակերպել կիրակի, 13 օգոստոս 2023-ին:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ համայնքային եւ յարանուանական ընտրական ճահճացած օրէնքին պատճառով Քըրնեթ Սաուտայի միջադէպին նման տասնեակ դէպքեր կրնան արձանագրուիլ: Ան կոչ ուղղեց կառչած մնալու դատական իշխանութիւններուն եւ պետութեան:


