Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին կարիքները:
Պըրրիի այցելեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Պըրրիի այցելեց նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ, քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: