Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի. «Կառավարութիւնը Պատասխանատու Չէ Նախագահական Դատարկութեան Եւ Անիկա Նախագահական Ընտրութիւնը Չ՛արգիլեր»

Յուլիս 5, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ հովանաւորեց Արտերկրի լիբանանցիներու տնտեսութեան Գ. խորհրդաժողովը, որուն  ընթացքին  արտասանեց խօսք մը:

Ան շեշտեց, որ արտերկրի լիբանանցիները այն թոքերն են, որոնց ընդմէջէն Լիբանան կը շնչէ:

Միքաթի բարձր գնահատեց արտերկրի լիբանանցիներու կապուածութիւնը Լիբանանի նկատմամբ` ընդգծելով, որ անոնք հաւատարիմ կը մնան իրենց մայր հայրենիքին եւ բնաւ չեն մոռնար իրենց արմատները:

Միքաթի նշեց, որ այսօր այս խորհրդաժողովը կը գումարուի նախագահական դատարկութեան փուլին ընթացքին, որուն լուծումներուն ազդանշանները տակաւին չեն երեւիր, հակառակ արտաքին միջամտութիւններուն:

Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութիւնը գրեթէ միակ սահմանադրական հաստատութիւնն է, որ պետութեան հետեւողականութիւնը կ՛ապահովէ:

«Կառավարութիւնը պատասխանատու չէ նախագահական դատարկութեան ու կուսակցութիւններուն միջեւ բռնկած քաղաքական պատերազմներուն եւ անիկա նախագահական ընտրութիւնը չ՛արգիլեր», ըսաւ ան` կոչ ուղղելով ամէնէն մօտիկ ժամանակաշրջանին հանրապետութեան նախագահ ընտրելու:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը իր աշխատանքին մէջ պիտի չթերանայ եւ իր վրայ բանեցուած հոգատարութեան կամ ճնշումին ենթակայ պիտի չըլլայ:

«Եթէ կառավարութիւնը ծրագրուած կերպով աշխատանք կատարած չըլլար, ապա այսօր վառելանիւթի, ելեկտրականութեան եւ դեղորայքի տագնապները մեղմացած չէին ըլլար, տնտեսական կարգ մը մարզեր աշխուժութիւն չէին արձանագրեր եւ երկիրը կայունութիւն չէր ունենար», աւելցուց ան:

Միքաթի հաստատեց, որ քաղաքական այն ուժերը, որոնք թաքնուեցան հանրապետութեան նախագահի իրաւասութիւնները պաշտպանելու պատնէշին ետին, նոյներն են, որոնք տարիներ շարունակ կառավարութեան աշխատանքը խոչընդոտեցին:

Իր կարգին, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ այս խորհրդաժողովը առիթ է արտերկրի լիբանանցիներուն կարեւորութիւնը հաստատելու, ինչպէս նաեւ ընդգծելու անոնց ունեցած ներդրումը Լիբանանի մէջ լիբանանցիներուն գոյատեւման առումով:

«Հակառակ այն իրողութեան, որ արտերկրի լիբանանցիները եւս տուժեցին լիբանանեան դրամատնային համակարգը հարուածած աղէտէն եւ կորսնցուցին իրենց գումարները, անոնք մինչեւ օրս կը շարունակեն օժանդակել լիբանանեան տնտեսութեան, իսկ եթէ այսօր Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը համեմատաբար ընդունելի է, ապա անիկա արտերկրի լիբանանցիներուն գումարի փոխանցումներուն շնորհիւ է», յայտնեց ան:

Պու Հապիպ հաստատեց պահանջուած բարեկարգումները գործադրելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ դրամատնային համակարգը վերականգնելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի դրամատուներուն նկատմամբ լիբանանցիներուն վստահութիւնը վերահաստատուի:

«Արտերկրի լիբանանցիները պիտի մնան Լիբանանի զարթօնքին եւ վերականգնումին ռազմավարական պաշարը», հաստատեց ան:

 

Նախորդը

Պըրրի Ապահովական Իրադարձութիւնները Քննարկեց Բանակի Հրամանատարին Հետ

Յաջորդը

Լիբանանեան Քաղաքական Տագնապը Տեղքայլի Մէջ Է, Իսկ Քըրնեթ Սաուտայի Ոճիրին Հետաքննութիւնը Կը Շարունակուի

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?