Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Կը Նախատեսէ Լը Տըրիանի Վերադարձը

July 7, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին նախատեսեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` Լիբանանի համար յատուկ անձնական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան 16-17 յուլիսին վերադառնայ Պէյրութ:

Ան հաւանական նկատեց նաեւ, որ Լը Տըրիան Լիբանան չվերադարձած նաեւ այցելէ Լիբանանով հետաքրքրուած կարգ մը երկիրներ, ինչպէս` Սէուտական Արաբիա, Քաթար եւ հաւանաբար Իրան:

Պըրրի նկատել տուաւ, որ Լը Տըրիան Լիբանան պիտի վերադառնայ երկխօսութեան ծրագիրով մը, որուն շրջագիծին մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն հետ:

Ան նշեց, որ ֆրանսական դերակատարութեան վրայ մեծ գրաւներ չկան` շեշտելով սակայն, որ ինք համոզուած է, թէ իրանեան-սէուտական համաձայնութիւնը, ինչպէս նաեւ իրանեան-ամերիկեան համաձայնութիւնը ուշ կամ կանուխ իրենց դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենան Լիբանանի վրայ:

Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ լիբանանեան ազգային երկխօսութիւն մը կատարելու իտէալական վայրը խորհրդարանն է` աւելցնելով, որ երեսփոխանական իւրաքանչիւր պլոք կրնայ իր նախագահով ներկայանալ երկխօսութեան:

Երկխօսութեան գործիքակազմին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պըրրի հաստատեց, որ ինք ներկայիս կողմ կը նկատուի` նկատի ունենալով, որ ինք կը զօրակցի Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան: «Հետեւաբար երկխօսութիւնը վարելու գործիքակազմը անյստակ է», ըսաւ ան:

Պըրրի անդրադարձաւ նաեւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կատարած այն յայտարարութեան, որ կ՛ակնարկէր երկխօսութիւնը մերժողներուն եւ այդ պատճառով Լիբանանի համար միջազգային խորհրդաժողով կը պահանջէր:

Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ Ռայի պատրիարքը առաջին անգամ ըլլալով կ՛անդրադառնայ երկխօսութիւնը մերժող կողմերուն եւ կոչ կ՛ուղղէ անոնց պետական շահերը գերադասելու անձնական շահերէն:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի կողմէ նոր նշանակումներ կատարելու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պըրրի հաստատեց, որ ինք համաձայն է անհրաժեշտ նշանակումները կատարելու, ի՛նչ պաշտօններու համար որ ալ ըլլան անոնք:

«Ընթացիկ կառավարութեան աշխատանքներուն պարագային, երբ անհրաժեշտութիւններ կան, ապա արգելքները կը վերանան», ըսաւ ան:

Պըրրի աւելցուց, որ քաղաքական ուժերը կը մերժեն բանող խորհրդարան մը եւ կառավարութիւն մը, ինչպէս նաեւ համաձայն չեն ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը:

Ան հարց տուաւ, որ եթէ նախագահական ընտրութիւնը չկատարելը մեր եւ անոնց սխալն է, ապա ինչո՞ւ մնացեալ հաստատութիւններուն մէջ աշխատանքը պէտք է կասեցուի եւ խոչընդոտուի` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարը վայրկեան մը իսկ չի կրնար երկրէն մեկնիլ, որովհետեւ բանակը հրամանատար չ՛ունենար:

 

 

Նախորդը

Զօր. Միշել Աուն. «Իրաւական Հաշուեքննութեան Տեղեկագիրը Չհրապարակելը Ցոյց Կու Տայ, Թէ Անիկա Կը Դատապարտէ Զայն Ստանձնողը»

Յաջորդը

Հարաւային Լիբանանի Սահմանամերձ Շրջանը Անհանգիստ Վիճակի Մէջ Է

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.