Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 1, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.600 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի միջեւ հանդիպումը յետաձգուած է այսօրուան: Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` ուրբաթ, 1 սեպտեմբեր 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Այն Թինէի մէջ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ այցելեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարիի: Զօր. Սլէյման նշեց, որ Պայսարի արժանի է շնորհաւորութեան` Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցին մէջ արձանագրած իր յաջողութեան, կառոյցին կազմ ու պատրաստ, ինչպէս նաեւ արհեստավարժ մնալուն համար:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Միջազգային դրամատան գործադիր տնօրէն Մանսուր Շմալիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Սալամ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ սնունդի եւ ընկերային ապահովութիւնը առաջնահերթութիւններ են: Սալամ եւ Շմալի ընդգծեցին նաեւ բարեկարգումի յատուկ օրէնքները վաւերացնելու կարեւորութիւնը, որպէսզի Լիբանանի տնտեսական ապաքինումը սկսի:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ ընդունեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Անտրէաս Քինտըլը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Պու Հապիպի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քոլոմպիոյ դեսպանատան գործակատար, դեսպան Էտուին Ալֆոնսօ, որուն այցելութիւնը ունէր արարողակարգային ծանօթացման բնոյթ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանքին ու Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութեան սկզբունքները զետեղուած են,  եւ հանրապետութեան յաջորդ նախագահին շուրջ համաձայնութիւնը գոյանալու ընթացքին մէջ է: Աուն շեշտեց, որ եթէ հանրապետութեան նախագահին անուան շուրջ համախոհութիւն չգոյանայ, ապա անոր իշխանութեան նստաշրջանը չի կրնար յաջողութեամբ պսակուիլ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Հասպանի հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը հիմնելու իմաստով արձանագրուած յաջողութիւնը լիբանանցիներէն կը պահանջէ  համոզուիլ, որ կարեւոր է զէնքը միայն լիբանանեան բանակին վստահիլ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի յայտնեց, որ իրենք դաշնակցային դրութիւն հաստատելու, երկիրը մասնատելու կամ վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան կոչեր չեն ուղղեր, այլ` կոչ կ՛ուղղեն հիմնելու միասնական հայրենիք մը, որպէսզի կարելի ըլլայ քաղաքական համայնքայնութիւնը ջնջել եւ քաղաքացիական պետութիւն հիմնել: Քպայսի հաստատեց, որ իրենք կարիքը ունին լիբանանեան համախոհութեան, որուն շրջագիծին մէջ կարենան ընտրել հանրապետութեան նոր նախագահը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Աշրաֆ Ռիֆի այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն շնորհակալութիւն յայտնեց անոր արտայայտած ազգային կեցուածքներուն համար: Ռիֆի ընդգծեց, որ կարելի չէ այլեւս համերաշխութիւն գոյացնել զէնքի դաշինքին հետ` աւելցնելով, որ բոլոր լիբանանցիները պէտք է դէմ կանգնին այդ դաշինքին:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ ըսաւ. «Յստակ է, որ Քաթար կը պատրաստուի Լիբանանի մէջ նոր շարժում մը կամ նախաձեռնութիւն մը կատարելու, սակայն մենք կը նախընտրենք ֆրանսական դերակատարութիւնը»:

ՔԱԹԱՐԵԱՆ «Շարք» օրաթերթին համաձայն, Քաթար կ՛օժանդակէ քաղաքական այն ջանքերուն, որոնք ի գործ կը դրուին Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու եւ զայն անոր տագնապներէն դուրս բերելու նպատակով:

 

Նախորդը

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Միացեալ Նահանգներուն Կոչ Ուղղած Է Իր Զօրքերը Հեռացնելու Սուրիայէն

Յաջորդը

Դատախազ Նասսար Փոքրիկն Լին Թալեպը Բռնաբարողն ու Երեք Ուրիշներ Մահապատիժի Կը Դատապարտէ

RelatedPosts

Թրամփ Պաշտօնապէս Ջնջեց Դէպի Պէյրութ  Թռիչքներու Նկատմամբ Հաստատուած Արգելքը
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Պաշտօնապէս Ջնջեց Դէպի Պէյրութ Թռիչքներու Նկատմամբ Հաստատուած Արգելքը

October 12, 2026
«Հըզպալլան Իրանէն  200 Միլիոն Տոլար Չստացաւ»  Կ՛ըսէ Փիկըթ
Լիբանանեան

«Հըզպալլան Իրանէն 200 Միլիոն Տոլար Չստացաւ» Կ՛ըսէ Փիկըթ

October 12, 2026
«Երիտասարդութեան Ու Մարմնակրթութեան  Նախարարութիւնը Պիտի Շարունակէ Աշխատիլ,  Որ Երիտասարդները Ազգային Կեանքի Մէջ  Իսկական Տեղ Ունենան»  Կ՛ըսէ Պայրագտարեան
Լիբանանեան

«Երիտասարդութեան Ու Մարմնակրթութեան Նախարարութիւնը Պիտի Շարունակէ Աշխատիլ, Որ Երիտասարդները Ազգային Կեանքի Մէջ Իսկական Տեղ Ունենան» Կ՛ըսէ Պայրագտարեան

October 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.