Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Պաաս կուսակցութեան նախագահ Ալի Հիժազին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւններն ու քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Հանդիպումէն ետք Հիժազի յայտնեց, որ անդրադարձած է իմամ Մուսա Սատըրի անյայտ կորսուելուն` աւելցնելով, որ այսօր աւելի քան երբեք կարիքը կը զգացուի Մուսա Սատըրին:
Միւս կողմէ, Հիժազի ընդգծեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը` հաստատելով, որ միայն երկխօսութեամբ կարելի պիտի ըլլայ յանգիլ համախոհութեան:
«Ճիշդ է, որ արտաքին ուժեր կարենան օժանդակել Լիբանանի տագնապին լուծման, սակայն կարեւորագոյնը կը մնայ այն, որ ներքին լիբանանեան երկխօսութիւնը յաջողի, որովհետեւ միայն այդ ձեւով կարելի պիտի ըլլայ յանգիլ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան», ըսաւ ան:
Հիժազի աւելցուց, որ երկխօսութիւնը խոչընդոտել կը նշանակէ լուծումը արգելակել, եւ բնականաբար ուշացնել երկրին դիմագրաւած ապրուստի եւ տնտեսական տագնապներուն լուծումը:
Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ կարգ մը քաղաքական ուժեր գիտակցին, թէ երկիրը մութ փապուղիէն դուրս բերելու միակ ձեւը երկխօսութիւնն է, որ այլընտրանք չունի:
Հիժազի նկատել տուաւ նաեւ, որ Պըրրիի հետ անդրադարձ կատարած է լիբանանեան-սուրիական երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութեան:
Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանական նիստը կախեալ է նախագահի անձին շուրջ գոյանալիք համախոհութենէն:
«Հետեւաբար բնաւ չեմ մտածեր խորհրդարանը հրաւիրել նախագահական ընտրութեան նիստի մը, որուն ընթացքին պիտի կրկնուի նախորդ 12 նիստերուն ընթացքին պատահածը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստերուն իմաստով ինք կառչած կը մնայ երկրին սահմանադրութեան եւ անոր կանոններուն:
«Իսկ հակառակը ըսողը թող սահմանադրութիւնը լաւ կարդայ», ըսաւ ան:
Պըրրի ընդգծեց, որ ինք արդարացուած չի գտներ քաղաքական եւ ոչ քաղաքական պատճառաբանութիւններով խորհրդարանի օրէնսդրական դերակատարութիւնը խանգարելու եւ արգելակելու քայլերը:
Ան նշեց, որ խորհրդարանի օրէնսդրական դերակատարութիւնը խանգարելու իմաստով ոմանք սահմանադրութեան անյարիր մեկնաբանութիւններ կը ներկայացնեն, ինչպէս` «խորհրդարանը վերածուած է ընտրող խորհուրդի, հետեւաբար ան չի կրնար օրէնսդրութիւն կատարել»:
Պըրրի նշեց, որ սահմանադրութիւնը զերծ չի կացուցեր օրէնսդրութիւն կատարելու խորհրդարանին պատասխանատուութիւնը, եւ այս իմաստով յստակ բանաձեւում կայ, այսինքն` «խորհրդարանը միայն ընտրական օրակարգով ընտրող խորհուրդի կը վերածուի եւ ոչ թէ այլ աշխատանքներ կատարելու պարագային»:


