ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.650 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ առաջնահերթութիւն կը նկատուի նախագահական ընտրութիւնը` աւելցնելով, որ այդ ընտրութիւնը իրականացնելու միակ ձեւը ազգային լիբանանեան երկխօսութիւնն է, որպէսզի կարելի ըլլայ տիրող թնճուկներուն հանգուցալուծումը ապահովել եւ հանրապետութեան նոր նախագահին շուրջ համախոհութիւն գոյացնել: Պըրրի ընդունեց Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Սթեֆանի Մաքոլմը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական հարցերն ու ընդհանուր իրադարձութիւնները:
ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ չորեքշաբթի, 6 սեպտեմբեր 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին պիտի քննարկէ 23 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունա երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Ապտել Սաթեր եպիսկոպոսին հետ եւ ողջունեց ուրբաթ, 8 սեպտեմբեր 2023-ին, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Լեռնալիբանան կատարելիք այցելութիւնը, որուն ընթացքին պիտի վերահաստատուի ազգային համերաշխութիւնը պահպանելու պատգամը:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սելիմ Սայեղը, որ հանդիպումէն ետք կոչ ուղղեց կառավարութեան զօրակցելու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն, որպէսզի իրենց հակակշիռը բանեցնեն Լիբանանի ցամաքային եւ ծովային սահմաններուն, յատկապէս Պէյրութի միջազգային օդակայանին եւ նաւահանգիստին վրայ, ինչպէս որ ընդգծուած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին մէջ: Նշենք, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ իր կարգին կոչ ուղղած էր ամրապնդելու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դերակատարութիւնը եւ յորդորած էր Լիբանանի կառավարութիւնը ենթարկուելու միջազգային այն բանաձեւերուն, որոնք միայն լիբանանեան օրինական պաշտպանութեան եւ ապահովութեան ուժերուն կ՛արտօնեն զէնք կրել:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարարի պաշտօնակատար Նաժլա Ռիաշի ընդգծեց երիտասարդներուն եւ պետական հաստատութիւններուն միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը: «Թուային լուծումներն ու նոր տեսակէտները առանցքային են Լիբանանի դիմագրաւած բարդ մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար», շեշտեց Ռիաշի:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ յայտնեց, որ համացանցի ծառայութիւն մատուցող ոեւէ անհատ կամ որեւէ ընկերութիւն, որ իր մատուցած ծառայութեան ամսական սակը ամերիկեան տոլարով կը պահանջէ, պիտի հետապնդուի եւ դատավարութեան ենթարկուի:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսար յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն հարցը պիտի լուծուի այն ժամանակ միայն, երբ Սուրիա պաշտօնական այցելութիւն մը կը կատարուի, կամ սուրիական իշխանութիւններուն հետ բանակցութիւններ կը սկսին: Նասսար ընդգծեց նաեւ, որ լիբանանեան ներքին համախոհութեամբ եւ համագործակցութեամբ կարելի է նախագահական ընտրութիւն կատարել:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ ընդունեց գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին վերաբերող մանրամասնութիւններ: Սլիմ եւ Շարաֆէտտին հաստատեցին, որ ապահովական կառոյցները պէտք է զգուշ ըլլան ու զսպեն Լիբանան-Սուրիա ապօրինի անցքերը, որովհետեւ երկիրը ի վիճակի չէ յաւելեալ սուրիացի տեղահանուած հանդուրժելու:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի ընդունեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ժորժ Քալլասը, որուն հետ քննարկեց մարմնակրթութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Մաուլաուիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Շուէտի դեսպան Անն Տիսմոր. քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Մաուլաուի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Հնդկաստանի դեսպան Մոհամետ Նոր Ռահման Շէյխը: Այցելութիւնը ունէր ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ: Մաուլաուիի այցելեցին նաեւ երեսփոխաններ Մոհամետ Սլէյման եւ Ապտել Ազիզ Սամատ: Քննարկուեցան Աքքարի եւ Տըննիէի կարիքները:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ 20 միլիոն տոլարի կարիք կայ, որպէսզի քաղցկեղի դեղերուն պետական օժանդակութիւն տրամադրուի:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ, ներքին գործերու եւ քաղաքապետութեանց հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Ժիհատ Սամատի: Նիստին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ մշակելու օրինագիծ մը, որ զինուորական հաստատութեան անհրաժեշտ կարիքներուն համար յաւելեալ գումար տրամադրուի:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր յայտնեց, որ եթէ ապահովութեան ուժերուն անմիջական կարիքները նկատի չառնուին, ապա երկիրը դէմ յանդիման պիտի գտնուի ապահովական արտակարգ ցնցումներու:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ երեսփոխան Մարք Տաու յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի աշխատանքը շուրջօրեայ դրութեան վերածելով կարելի է թեթեւցնել փտածութիւնը, ինչպէս նաեւ լուծել նաւահանգիստ հասած իրերու յանձնումին պարագային արձանագրուած ուշացումներու հարցը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Մարուան Համատէ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով լուծման նշոյլներ չեն երեւիր հորիզոնին: Ան աւելցուց նաեւ, որ ներկայ միջազգային եւ շրջանային իրադարձութիւններուն լոյսին տակ անկարելի է Լիբանանին հանրապետութեան նախագահ պարտադրել:


