ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.550 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ԵՐԷԿ կէսօրին Պէյրութի միջազգային օդակայան հասաւ Լիբանանի մէջ Քաթարի նոր դեսպան շէյխ Սէուտ պըն Ապտել Ռահման պըն Ֆայսալ Ալ Թանի:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու հոլովոյթը պէտք է շարունակուի` աւելցնելով, որ անիկա պէտք էր կատարուէր 2019-էն ի վեր, երբ երկիրը ելեւմտական փլուզում ապրեցաւ: Քանաան հաստատեց, որ իրաւական հաշուեքննութիւնը պէտք է շարունակուի բոլոր նախարարութիւններուն եւ պետական հաստատութիւններուն մէջ` ճշդելու համար բոլոր պատասխանատուութիւնները:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա անդրադարձաւ Կեդրոնական դրամատան պարագային կատարուած իրաւական հաշուեքննութեան` հաստատելով, որ կարեւորագոյնը այն է, որ դատական իշխանութիւններուն կողմէ հաշուետուութեան հոլովոյթ մը սկսի, եւ գումարները վերադարձուին:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա «Էքս» հարթակին ընդմէջէն կատարած իր գրառումով հաստատեց, որ «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» հաշուեքննութեան միջազգային ընկերութիւնը պէտք է շարունակէ իր աշխատանքը եւ իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկէ լիբանանեան պետութեան բոլոր հաստատութիւնները, իսկ անոր զուգահեռ դատական իշխանութիւնները պէտք է արձակեն համապատասխան վճիռներ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հիւսէյն Ժաշի ընդգծեց, որ իրենք կը փափաքին ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ Լիբանանի ազատութիւնը, անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը կը պահպանէ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւնը խանգարող քաղաքական ուժերը կը ստանձնեն նախագահական ընտրութեան իմաստով ստեղծուած դատարկութեան փուլին պատասխանատուութիւնը: Հանքաշ ընդգծեց, որ ներկայիս պատահածը սահմանադրական իրաւունք չի նկատուիր:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Զիատ Հաուուաթ կոչ ուղղեց միասնաբար, կատարեալ լրջութեամբ եւ յանդգնութեամբ, ինչպէս նաեւ բախումներէն հեռու` որոնելու ապակեդրոնացեալ դրութեան տարբերակ մը, որ մասնատուած Լիբանանը կը միացնէ, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովութիւն, կայունութիւն եւ բարգաւաճում կ՛ապահովէ:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ միջազգային օդակայանի քաղաքացիական օդանաւորդութեան ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Հասան յայտնեց, որ օդակայանին մէջ ելեկտրական հոսանքը շուրջօրեայ դրութեամբ ապահովուած է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ բանակի դասակ մը ուղղուած է Պեքաայի Ֆաուր գիւղաքաղաքը, ուր ընտանեկան վիճաբանութիւն մը վերածուած էր կռիւի եւ զինեալ բախումներու: Բանակը Ֆաուրի մէջ ձերբակալեց եօթը լիբանանցիներ եւ երկու սուրիացիներ, ինչպէս նաեւ ներխուժեց քանի մը բնակարան, ուր ձերբակալեց չորս ուրիշներ եւ գրաւեց գնդացիրներ ու զինամթերք: Նշենք, որ բանակի հրամանատարութիւնը այլ հաղորդագրութեամբ մը հաստատեց, որ լիբանանեան-սուրիական սահմանին վրայ ձախողեցուցած է սուրիացի քաղաքացիներու ապօրինի մուտքը Լիբանան` աւելցնելով, որ անցնող շաբթուան ընթացքին բանակը արգիլած է 850 սուրիացիներու ապօրինի մուտքը Լիբանան:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ հիւսիսային Լիբանանի Հալպա շրջանին մէջ ձերբակալեց դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած ամէնէն վտանգաւոր ոճրագործներէն Ա. Մ.-ն, որ ծանօթ է «Քոսովի» ծածկանունով: Ան լիբանանցի է, ծնած է 1986-ին: Մնայուն կերպով զինեալ վիճակի մէջ եղած է եւ ամբաստանուած է աւազակութեան, քրէական հարցերու, բանակը ձեռնառումբերու եւ կրակոցի թիրախ դարձնելու, անձնաւորութիւններ մահափորձի ենթարկելու, ինչպէս նաեւ զէնք եւ զինամթերք ունենալու յանցանքներով:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ ընդգծեց, որ լիբանանցիները գիտակից եւ արթուն պէտք է ըլլան լիբանանեան հասարակութիւնը փտածութենէ եւ միասեռականութենէ փրկելու համար:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք հաստատեց, որ իրենք կը փափաքին ունենալ հանրապետութեան նախագահ մը, որ ըլլայ երկրին փրկութեան կամուրջը:


