Այն միջոցին, երբ զբօսաշրջութեան նախարարը կ՛աւետէ յաւելեալ երկու միլիոն զբօսաշրջիկներու մօտալուտ Լիբանան ժամանման հաւաստիացումները, անդին լիբանանցիք կը շարունակեն «տապլտկիլ» իրենց օրապահիկի ապահովման հեւքին մէջ: Փաստօրէն, հակառակ պատկան մարմիններու նախաձեռնած բարեփոխման թէ լուծման անդուլ ճիգերուն, երկրի հրատապ հարցերը կը շարունակեն մտահոգել միաժամանակ պատկան պատասխանատուներն ու քաղաքացիները:
Այս ծիրին մէջ, երէկ ուշագրաւ էր առողջապահական մէկ պատասխանատուի զգուշացումը, թէ Լիբանանի մէջ քաղցկեղի հիւանդութեան տարածումը մտահոգիչ է` նշելով, որ ներկայիս տարեկան աւելի քան տասնվեց հազար քաղցկեղի հիւանդութեամբ տառապող պարագայ կայ, մինչ 2005-ին այս համեմատութիւնը ութ հազար էր: Նմանապէս, տակաւին առկայ է կեղծ եւ ժամկէտանց թուականով դեղերու երեւոյթը, առանց խօսելու ամէն պատեհ առիթի անոնց սակագիներու աճին մասին:
Նմանապէս մտահոգիչ երեւոյթ է կրթական վերամուտի եւ անոր նիւթական պահանջներու ծրարներու ներկայացման սեմին, սպառողական տարրական նիւթերու սակագիներու սղաճի յարաճուն վերելքի երեւոյթը, հակառակ ամերիկեան տոլարի սլացքի որոշ կայունութեան կամ տեղքայլին, լիբանանեան թղթոսկիին դիմաց: Երէկ ամերիկեան տոլարին գինը կը տարուբերէր 89 հազար լիբանանեան ոսկիի եւ 89 հազար 500 լիբանանեան ոսկիի միջեւ:
Ընկերային ոլորտին մէջ նոյնպէս քննարկումի ենթակայ է օտարահպատակ, յատկապէս` սուրիացի տեղահանուածներու հարցը, որուն գծով վերջերս հրատապ նիստեր գումարուեցան: Քննարկումներու լոյսին տակ կը նախատեսուի, որ սուրիացի տեղահանուածներ «ընդունող թէ հիւրասիրող» մարմիններ հաշուետուութեան ենթարկելու պատժական տնօրինում յարուցուի:
Դիւանագիտական Մօտալուտ Եռուզեռ
Այս եւ այլ հրատապ տագնապներու մթնոլորտին մէջ, Լիբանան կը սպասուի հարաւի ջրային սահմանագծումի ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքըշթայնի Էյմըս Հոքշթայնի այցելութիւնը: Ան հիմնականին մէջ լիբանանցի պատկան պատասխանատուներուն հետ պիտի խորհրդակցի քարիւղի 9-րդ պլոքին գծով նորագոյն իրադարձութիւններուն շուրջ:
Նմանապէս եւ ըստ լրատուական աղբիւրներու կը նախատեսուի Իրանի արտաքին գործոց նախարարի Լիբանան այցելութիւնը: Ան խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ շրջանային, աւելի քան լիբանանեան հարցերու շուրջ` քաղաքական թէ ապահովական պատկան կողմերու հետ:
Նմանապէս, կը նախատեսուի, որ 11 սեպտեմբերին Լիբանան այցելէ Ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիան, որ պիտի փորձէ վերակենդանացնել նախագահական հարցին գծով միջլիբանանեան համախոհութեան կարելիութիւնը:
Մինչ այդ, ներքին շփումները կը շարունակուին երկխօսութեան յաջողութեան հեռանկարով: Այս գծով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ ներկայ փուլին նախագահական ընտրութեան հարցը առաջնահերթութիւն է:
Նոյն ծիրին մէջ երեսփոխան Ալեն Աուն հաստատեց, որ Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանքին միջեւ խօսակցութիւնները կը շարունակուին դրական մթնոլորտի մէջ, լուսարձակէ հեռու:


