ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.600 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր` երկուշաբթի, 28 օգոստոս 2023-ին պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը` նուիրուած Բ. ազատագրումի տօնին:
ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է լիբանանեան բանակը հզօրացնել, երբ Միացեալ Նահանգներ կ՛արգիլեն բանակին զինումը:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ 2023-ի պետական ամավարկը հաշուեցուցակ կարելի է կոչել եւ ոչ թէ ամավարկ: Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ կառավարութիւնը 2024-ի պետական ամավարկը պատրաստելու ընթացքին յարգէ սահմանադրութիւնն ու բարեկարգումները:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ հայրենիքի գերիշխանութիւնն ու ժողովուրդի անվտանգութիւնը կարելի չէ իրականացնել` բացի հզօր ըլլալով եւ այդ զօրութեամբ հայրենիքն ու իրենց գոյութիւնը պաշտպանելով:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հաստատեց, որ Լիբանան միջազգային քարտէսին վրայ գոյութիւն չունի` աւելցնելով, որ պէտք է առանց նախապայմանի երկխօսութիւն կատարել` նախագահական ընտրութեան շուրջ համաձայնութեան մը յանգելու համար:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ Հըզպալլայի հետ կը քննարկուի ընդարձակ ապակեդրոնացեալ դրութիւնը հաստատելու, ինչպէս նաեւ Աքքարն ու Պաալպեք-Հերմել նահանգները աւելի փոքր շրջաններու բաժնելու հաւանականութիւնը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ատիպ Ապտել Մեսիհ յայտնեց, որ սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին հանրապետութեան նախագահ մը ունենալու յոյսեր չկան եւ երկիրը տեղքայլի մէջ կը գտնուի:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ Լիբանանի շահերը կ՛ենթադրեն ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ ամբողջ ընդդիմութիւնը կրնայ համախմբել` դիմադրելու համար Հըզպալլային:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ երեսփոխան Ուատտահ Սատեք յայտնեց, որ այս փուլին արտօնելի չէ, որ խորհրդարանի ոեւէ անդամ մոխրագոյն կեցուածք որդեգրէ` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը պահանջէ երկու այնպիսի օրէնքներ, որոնք տագնապին լուծում չեն ապահովեր:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն իրաւասութիւններուն պարագային որդեգրուելիք բարեփոխումները պաշտօնապէս եւ ժողովրդային առումով մերժուած են:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մարիօ Աուն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ միայն իր անձնական շահերով հետաքրքրուած է` աւելցնելով, որ ան կը խոչընդոտէ նախագահական ընտրութիւնը, եւ անոր ներկայութեամբ անկարելի է, որ Լիբանան սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին հանրապետութեան նախագահ ունենայ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Թրիփոլիի եւ Պաալպեքի Շարաուինա շրջանին մէջ ձերբակալած է 8 լիբանանցիներ եւ սուրիացի մը, որոնց մօտ կը գտնուէին գնդացիրներ, զինամթերք եւ թմրեցուցիչ: Բանակը գրաւած է զէնքերն ու թմրեցուցիչը եւ ձերբակալուածներուն հետ միասին յանձնած դատական համապատասխան ատեանին: Այլ հաղորդագրութեամբ մը բանակի հրամանատարութիւնը յայտնեց, թէ Պեքաայի Հորթաալա, Պրիթել եւ Այն Ժաուզէ շրջաններուն մէջ բանակը կատարած է ներխուժումներ եւ ձերբակալած երկու յանցագործներ: Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ ներխուժումներուն ընթացքին բանակը կրակոցի թիրախ դարձած է:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ ներկայ գտնուեցաւ Պաալպեքի մէջ Հըզպալլայի կազմակերպած զինուորական ցուցահանդէսի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, թէ այդ ցուցահանդէսը կը վկայէ Դիմադրութեան ուժին, ատակութեան ու կարողութիւններուն:


