Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Այցելեց Լիբանանեան Օդուժի Պէյրութի Խարիսխը

September 1, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ այցելեց լիբանանեան օդուժի Պէյրութի խարիսխը, ուր հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը լիբանանցի երիտասարդութեան այն օրինակն է, որ տեղայնական եւ համայնքային խտրութեան հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունի, այլ` կը ներկայացնէ լիբանանեան ազգային շերտերը` իր բոլոր մանրամասնութիւններով:

«Լիբանանեան բանակին ներկայութեամբ հայրենիքը ապահով կը մնայ», ըսաւ ան:

Միքաթիի այցելութեան ընթացքին խարիսխին մէջ ներկայ գտնուեցաւ նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն:

Միքաթի ցաւակցութիւն յայտնեց Համմանայի մէջ ուղղաթիռի ջախջախուելուն պատճառով օդաչուներ Ժոզեֆ Հաննայի եւ Ռիշար Սաապի նահատակութեան սուգին առիթով:

Միքաթի յայտնեց, որ իր այցելութեան նպատակն է ցաւակցութիւն յայտնել եւ վիշտը կիսել բանակի նահատակներուն սուգին առիթով, ինչպէս նաեւ ապաքինում մաղթել վիրաւոր բանակային Մոհամետ Սայտահի:

«Այսօր մեր բանակը բազմաթիւ եւ շատ դժուար պարտականութիւններ ստանձնած է,  եւ մեր յոյսը մեր բանակն է: Դո՛ւք էք հայրենիքին պաշտպանները, եւ առանց ձեզի ո՛չ հայրենիք կայ եւ ո՛չ ալ պետութեան իսկական ներկայութիւն: Լիբանան հայրենիքին դէմ դաւադրութիւնները շատ են եւ կը զարմացնեն մեզի իրենց աղբիւրներով: Սակայն յստակ է, որ այդ դաւադրութիւնները թիրախ կը դարձնեն հայրենիքին միասնականութիւնը, գերիշխանութիւնն ու սահմանները: Առանց բանակին եւ անոր իմաստուն ղեկավարութեան, արդեօք ի՞նչ կ՛ըլլար այս երկիրը», հարց տուաւ ան:

Միքաթի իր խօսքը ուղղեց նաեւ բանակի հրամանատարին` հաստատելով, որ ան այսօր կը հանդուրժէ այն բոլոր դժուարութիւնները եւ բեռները, որոնք շատ ծանր են մարդ արարածին համար վերցնելու, մասնաւորաբար երկիրը յուզող այս դժուար պայմաններուն մէջ:

Իր կարգին, զօր. Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Միքաթիին, անոր ցաւակցութիւն յայտնելուն եւ մնայուն կերպով բանակին կողքին կանգնելուն համար: «Մենք ցաւ կը զգանք մեր նահատակ զինուորներուն համար, սակայն միաժամանակ կը հաստատենք, որ մեր բանակը զինուած է իր անկոտրում կամքով, Լիբանանի նկատմամբ հզօր հաւատքով եւ բանակին կարգախօսով գործելու յանձնառութեամբ: Անոնց կորովը ոչինչ պիտի կարենայ կոտրել, եւ տէր պիտի կանգնինք զինուորական հաստատութեան, որ իր կարգին պիտի պահպանէ հայրենիքը», շեշտեց զօր. Աուն:

Նշենք, որ օր մը առաջ զօր. Աուն այցելած էր լիբանանեան օդուժի Պէյրութի խարիսխ, ուր անդրադարձաւ Ժոզեֆ Հաննայի եւ Ռիշար Սաապի նահատակութեան` հաստատելով, որ կորուստը մեծ է ու ծանր` լիբանանեան բանակին համար, աւելցնելով սակայն, որ զոհողութիւնը բանակայիններուն ճակատագիրն է, եւ պարտականութեան ճամբուն վրայ անոնք նահատակուեցան:

Զօր. Աուն բարձր գնահատեց լիբանանեան օդուժին նուաճումներն ու անոր արհեստավարժութիւնը, յատկապէս` Բարձունքներու արշալոյսը գործողութեան ընթացքին ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու, թմրեցուցիչի մաքսանենգներուն դէմ պայքարելու, ինչպէս նաեւ վերջերս Յունաստանի եւ Կիպրոսի մէջ բռնկած հրդեհները յանգեցնելու դերակատարութեան առումով:

«Մեր կամքը թուլութիւն չի ճանչնար, իսկ մեր բառարանին մէջ նահանջը գոյութիւն չունի: Մեր միակ ընտրանքը շարունակելն է», յայտնեց ան:

 

Նախորդը

Դատախազ Նասսար Փոքրիկն Լին Թալեպը Բռնաբարողն ու Երեք Ուրիշներ Մահապատիժի Կը Դատապարտէ

Յաջորդը

«Կը Շարունակենք Զօրակցիլ Լիբանանին Եւ Տարբեր Ուժերը Պիտի Մղենք Համաձայնութիւն Գոյացնելու» Շեշտեց Ապտոլլահեան

RelatedPosts

Թրամփ Պաշտօնապէս Ջնջեց Դէպի Պէյրութ  Թռիչքներու Նկատմամբ Հաստատուած Արգելքը
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Պաշտօնապէս Ջնջեց Դէպի Պէյրութ Թռիչքներու Նկատմամբ Հաստատուած Արգելքը

October 12, 2026
«Հըզպալլան Իրանէն  200 Միլիոն Տոլար Չստացաւ»  Կ՛ըսէ Փիկըթ
Լիբանանեան

«Հըզպալլան Իրանէն 200 Միլիոն Տոլար Չստացաւ» Կ՛ըսէ Փիկըթ

October 12, 2026
«Երիտասարդութեան Ու Մարմնակրթութեան  Նախարարութիւնը Պիտի Շարունակէ Աշխատիլ,  Որ Երիտասարդները Ազգային Կեանքի Մէջ  Իսկական Տեղ Ունենան»  Կ՛ըսէ Պայրագտարեան
Լիբանանեան

«Երիտասարդութեան Ու Մարմնակրթութեան Նախարարութիւնը Պիտի Շարունակէ Աշխատիլ, Որ Երիտասարդները Ազգային Կեանքի Մէջ Իսկական Տեղ Ունենան» Կ՛ըսէ Պայրագտարեան

October 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.