Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն` ներկայութեամբ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նատա Պուսթանիի, Պասիլի քաղաքական խորհրդական Ռոման Քալվարիի եւ դիւանագիտական յարաբերութեանց գրասենեակի պատասխանատու Պաշիր Հատտատի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի, մանաւանդ հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւնները` Կազայի պատերազմին լոյսին տակ:
Պասիլ վերահաստատեց Լիբանանը ընդարձակ պատերազմի մէջ չներքաշելու անհրաժեշտութիւնը եւ ներկայացուց նախագահական ընտրութեան, սահմանադրական հաստատութիւններուն վերաշխուժացման եւ բարեկարգումներու մշակման ու գործադրութեան թղթածրարներուն մասին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ներկայացուցած լուծման առաջարկները: