Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր եւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէ:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի յայտնեց, որ Միքաթի ժողովին ընթացքին Նոր տարուան առիթով իր բարեմաղթութիւնները փոխանցած է բոլոր լիբանանցիներուն` մաղթելով, որ 2024-ը Լիբանանի համար ըլլայ խաղաղութեան եւ ապահովութեան տարի մը, որուն ընթացքին բոլորին միջեւ սէր կը տիրէ, որովհետեւ Լիբանան հայրենիքի փրկութիւնը միայն բոլորին միասնականութեամբ եւ համագործակցութեամբ է, որ կարելի պիտի ըլլայ ապահովել:
«Միքաթի մաղթեց, որ յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին կարելի ըլլայ հանրապետութեան նոր նախագահը ընտրել, որպէսզի կարելի ըլլայ սահմանադրական աշխատանքը կարգաւորել: Ան նշեց, որ ոմանք զինք կը մեղադրեն հանրապետութեան նախագահին տեղը գրաւելու եւ անոր իրաւասութիւնները իւրացնելու յանցանքով, եւ աւելցուց, որ նոյն մեղադրողները պէտք է իրենց պարտականութիւնը կատարեն` հանրապետութեան նոր նախագահը ընտրելու ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին:
Միքաթի աւելցուց նաեւ, որ կառավարութիւնը ժողով կը գումարէ, մինչդեռ հարաւային Լիբանանի եւ Կազայի մէջ իսրայէլեան բռնարարքները կը շարունակուին: Այս շրջագիծին մէջ, այդ բռնարարքները կասեցնելու առնչութեամբ կառավարութեան դիւանագիտական ջանքերը կը շարունակուին: Ներկայ կացութիւնը շատ աւելի լաւ է, քան ինչ որ էր երկու ամիս առաջ, երբ, նկատի ունենալով, որ Լիբանանի կեցուածքին ու տեսակէտին նկատմամբ ըմբռնում կը ցուցաբերուի», նշեց Մքերի:
«Կառավարութիւնը որոշեց խորհրդարան վերադարձնել երեք օրէնքներ, որոնք կը վերաբերին. ա) սեփական դպրոցներու ուսուցչական կազմերուն եւ դպրոցական պիւտճէին մասին օրէնքին, բ) սեփական դպրոցներու ուսուցիչներուն հատուցումներու սնտուկէն նիւթական օժանդակութիւն յատկացնելու օրէնքին եւ գ) ոչ բնակելի վայրերու վարձքի օրէնքին», նշեց Մքերի:
Անդրադառնալով զինուորական խորհուրդի նշանակումներուն` Մքերի յայտնեց, որ անոնք կախեալ են պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմի պատասխանէն, որուն կը սպասէ Միքաթի:
Մքերի նշեց, որ Սլիմ մինչեւ երկուշաբթի, 15 յունուար 2024 առիթ ունի իր պատասխանը ներկայացնելու, «այլապէս ըստ այնմ որոշումներ կրնան տրուիլ», աւելցուց ան:
Նշենք, որ երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան յայտնեց, որ պէտք է կառավարութիւնը մշակէ հնդկական կանեփը ճարտարարուեստական նպատակներով օգտագործելու օրէնքին գործադրութեան հրամանագիրները:


