Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 13, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 14.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 14.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 14.000 լ. ոսկիով, իսկ  պիւթակազին սակը մնացած է անփոփոխ: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.501.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.541.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.471.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 939.000 լ. ոսկի:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ խստիւ դատապարտեց Եմէնի դէմ ամերիկեան-բրիտանական բռնարարքները` հաստատելով, որ այդ արարքը արաբական-իսլամական երկրի մը գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւն է, որ միջազգային բոլոր կանոններու եւ ուխտերու խախտում կը նկատուի:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Հերվէ Մակրոն, որուն հետ քննարկեց քաղաքական իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ղազի Արիտի: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ հարցերու եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հեմիշ Քուուելը, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ի գործ դրուած բոլոր ջանքերը, որոնք կը միտին կանխարգիլել պատերազմին ընդարձակումը, ինչպէս նաեւ վերջ մը դնել Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքներուն:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ հոգեւոր խորհուրդի նախագահ շէյխ Մոհամետ Եազպեք յայտնեց, որ թշնամի Իսրայէլին կողմէ արձանագրուելիք որեւէ մագլցում պիտի փոխադարձուի նոյնքան եւ աւելի խիստ մագլցումով: Միւս կողմէ, ան նկատել տուաւ, որ ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի կատարած այցելութիւնն ու ջանքերը ապարդիւն կը նկատուին, եթէ զինադուլ չհաստատուի:

ՆԱՀԸԺ շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած պատերազմը պիտի ընդարձակուի տարբեր ուղղութիւններով` ամերիկեան վարչակազմին անխոհեմութեան պատճառով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց Ազգային ազատականներու մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ կուսակցութեան նախագահ Քամիլ Տորի Շամունի: Հանդիպումին ընթացքին կոչ ուղղուեցաւ անմիջապէս գործադրելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ առեւտուրի եւ տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Թրիփոլիի իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Սամի Հասան: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ Եւ Բրիտանիա Եմէնի Մէջ Հուսիներու Դիրքեր Հարուածեցին

Յաջորդը

Հըզպալլա Դատապարտեց Եմէնի Դէմ Ամերիկեւբրիտանական Բռնարարքները

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Լիբանանը, Հակառակ  Դժուարութեան, Կառչած Կը Մնայ  Դիւանագիտական Լուծումին»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Լիբանանը, Հակառակ Դժուարութեան, Կառչած Կը Մնայ Դիւանագիտական Լուծումին»

October 20, 2026
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Հետեւեցայ Մեղսակիցներու Կալանաւորման Համար Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հետաքննութեան Ընդլայնման Առնչութեամբ Որդեգրուած Քայլերուն»

October 20, 2026
Մըթրի. «Լիբանան Յայտնուած Է Իսրայէլի  Եւ Հըզպալլայի Պահանջներուն Միջեւ»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանան Յայտնուած Է Իսրայէլի Եւ Հըզպալլայի Պահանջներուն Միջեւ»

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.