Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Կազայի եւ պաղեստինցիներուն դէմ իսրայէլեան բռնարարքները:
Հանդիպումէն ետք Պուխարի շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա կը զօրակցի Լիբանանին, լիբանանցիներուն եւ պետական հաստատութիւններուն:
Ան հաստատեց, որ պիտի չզլանան ճիգ թափել` Լիբանանի դիմագրաւած բազում տագնապները լուծելու նպատակով:
Պուխարի հաստատեց նաեւ, որ Ռիատ կը զօրակցի արաբական եւ իսլամական բոլոր դատերուն, յատկապէս պաղեստինցի ժողովուրդին, որուն դէմ ամէնօրեայ բռնարարքներ կը գործուին:
Իր կարգին, միւֆթի Տըրիան յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա հիմնական դերակատարութիւն ունի Լիբանանի պետութեան վերականգնումին մէջ:
Ան յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին մաս կազմող Սէուտական Արաբիոյ ջանքերը ամէնէն մօտիկ ապագային յաջողին Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը ապահովել` մաղթելով, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը ըլլայ նախաքայլը վերականգնելու պետութիւնն ու պետական բոլոր հաստատութիւնները: