Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 15, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան անցեալ շաբաթավերջին Տար Ֆաթուայի մէջ նախագահեց Իսլամ հոգեւորականներու խորհուրդի ժողովին, որմէ ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ պէտք է զգուշանալ հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ արձանագրուելիք ապահովական մագլցումներէն: Խորհուրդը անհրաժեշտ նկատեց հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը` հաստատելով, որ սահմանադրական կեանքը կարելի չէ վերականգնել եւ շարունակել, առանց հանրապետութեան նախագահի գոյութեան:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ երէկ Թեհրանի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ «Աքսայի ջրհեղեղ եւ միջազգային առումով մարդկային խիղճի զարթնում» խորհրդաժողովին, որուն բացումը կատարեց Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի: Խորհրդաժողովին ընթացքին Խաթիպ հաստատեց, որ Դիմադրութեան ուժերն են, որոնք իրենց յաղթանակը կը պարտադրեն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ Արեւմուտքին վրայ: Նշենք, որ խորհրդաժողովի շրջագիծին մէջ Խաթիպ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ նախագահ Ռայիսիի հետ:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը կիրակի օրուան Ս. պատարագին ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ Լիբանան աւելի քան երբեք կարիքը ունի հանրապետութեան նախագահի մը, որ ստանձնէ պարտականութիւնները եւ նոր կազմուելիք կառավարութեամբ երկիրը հեռացնէ զայն շրջափակող պատերազմի եւ խելագարութեան հարսանիքէն:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար այցելեց հարաւային Լիբանանի Սայտայի եւ Ժեզզինի շրջանները, ուր հաստատեց հարաւի բնակչութեան կողքին կանգնելու յանձնառութիւնը, տիրող դժուար պայմաններուն ընթացքին:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա զգուշացուց իսրայէլացիները` Լիբանանի դէմ պատերազմ սանձազերծելէ` վերյիշեցնելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի այն յայտարարութիւնը, թէ Աստուծոյ բարկութիւնը Իսրայէլի վրայ պիտի թափի, եթէ ան Լիբանանի դէմ պատերազմ շղթայազերծէ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահութեան պաշտօնը պիտի յանձնուի լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի: Ան կոչ ուղղեց բոլոր երեսփոխաններուն ուղղուելու խորհրդարան եւ ընտրելու հանրապետութեան նոր նախագահը, ինչպէս նաեւ ընդգծեց Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի Իսրայէլ պատճառաբանութիւն չունենայ` Լիբանանի դէմ պատերազմ սանձազերծելու:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ շաբաթավերջին այցելեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Պքերքէէն մեկնումի պահուն Հաուաթ ընդգծեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 եւ թիւ 1559 բանաձեւերուն գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ պատերազմին ուրուականը հեռացնել Լիբանանէն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ Իսրայէլ այսօր կը գտնուի լուրջ հարցի դիմաց, թէ՛ Կազայի եւ թէ՛ հարաւային Լիբանանի մէջ: Խրէյս ընդգծեց, որ ի վերջոյ Պաղեստինեան դատը յաղթանակ պիտի արձանագրէ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ատիպ Ապտել Մեսիհ յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը կրնայ շատ մը մարզերէ նիւթական մուտքեր ապահովել` այլոց պատերազմներով եւ մաքսանենգումով զբաղելու փոխարէն:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ռազի Հաժ յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի անկիւնադարձային փուլի մը դիմաց` աւելցնելով, որ Լիբանան Հըզպալլայի մօտ պատանդի կարգավիճակին մէջ է:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Պու Ֆաուր յայտնեց, որ երկխօսութիւնը միակ միջոցն է նախագահական ընտրութեան մասին համաձայնութեան յանգելու` հիմնուելով բոլորին միջեւ գտնուող հասարակ յայտարարներուն վրայ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ յայտնեց, որ շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները ցուցանիշ են, թէ Միջին Արեւելքն ու աշխարհը անկիւնադարձային եւ արտակարգ պայմաններու մէջ կը գտնուին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ապտել Ռահման Պըզրի յայտնեց, որ Լիբանան այսօր սուղ կը վճարէ հանրապետութեան նախագահ մը չունենալու գինը:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչի տեղակալ Օմրան Ռիզան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի դիմագրաւած արտակարգ պայմաններն ու իրադարձութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլայի վարուելակերպը անհաւասարակշիռ է` աւելցնելով, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի այն կոչը, որ պէտք է Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ զինադուլը զուգահեռ ընթանայ, կը ներկայացնէ Հըզպալլայի կեցուածքը եւ ոչ թէ լիբանանցիներուն տեսակէտը:

Նախորդը

Նեթանիահու Մտադիր Է Փակել Կազայի Եւ Եգիպտոսի Միջեւ Սահմանը

Յաջորդը

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Բախումները Կը Շարունակուին Բուռն Թափով

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Լիբանանը, Հակառակ  Դժուարութեան, Կառչած Կը Մնայ  Դիւանագիտական Լուծումին»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Լիբանանը, Հակառակ Դժուարութեան, Կառչած Կը Մնայ Դիւանագիտական Լուծումին»

October 20, 2026
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Հետեւեցայ Մեղսակիցներու Կալանաւորման Համար Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հետաքննութեան Ընդլայնման Առնչութեամբ Որդեգրուած Քայլերուն»

October 20, 2026
Մըթրի. «Լիբանան Յայտնուած Է Իսրայէլի  Եւ Հըզպալլայի Պահանջներուն Միջեւ»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանան Յայտնուած Է Իսրայէլի Եւ Հըզպալլայի Պահանջներուն Միջեւ»

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.