ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց արդարութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատարներ Հանրի Խուրին եւ Ուալիտ Նասսարը: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունա երէկ ընդունեց մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող մարտահրաւէրները` կոչ ուղղելով բոլորին մէկտեղելու իրենց ջանքերը` պահպանելու համար լիբանանեան արժէքներն ու ազգային միասնականութեան ու բազմազանութեան երանգը:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա երէկ այցելեց Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ապտել Ռահման Պըզրի ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընդգծուեցաւ սահմանադրական գործընթացները ամբողջացնելու կարեւորութիւնն ու ամէնէն մօտիկ ապագային հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրելու կարեւորութիւնը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ այսօրուան զոհողութիւնները շատ աւելի քիչ են, քան` անոնք, որոնք պիտի տրամադրուէին, եթէ թշնամի Իսրայէլ Պաղեստինի մէջ յաղթանակ արձանագրէր:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը տակաւին առկայ է եւ պիտի շարունակուի: Ան աւելցուց, որ երբ բոլոր դռները փակուին, իրենց պարտականութիւնն է ուղղուիլ դէպի երկխօսութիւն:


