Հարաւային սահմանագիծին վրայ Իսրայէլ-Հըզպալլա բախումները կը շարունակուին` զինուորական փոխադարձ գործողութիւններով:
Զինուորական մագլցումներուն կողքին միջազգային եւ շրջանային դիւանագիտութիւնը կը փորձէ քայլ պահել եւ պատերազմի ընդարձակումը կանխարգիլել:
Մինչ «Սի. Էն. Էն.» օրուան ընթացքին կը հաղորդէր, որ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնն ու վարչակազմը մտահոգութիւն յայտնած են, թէ Իսրայէլ գարնան աւարտին կամ ամրան սկիզբը կրնայ Լիբանանի դէմ ցամաքային ներխուժում գործել, երեկոյեան ժամը 6:00-ին վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց, որ կան լուրջ խորհրդակցութիւններ, որոնց շրջագիծին մէջ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին կրնայ Կազայի մէջ զինադուլ յայտարարուիլ` «Ռամատանի փոխըմբռնում» անուան տակ:
Միքաթի շեշտեց, որ Կազայի մէջ զինադուլը առիթ պիտի տայ Լիբանանի մէջ կացութիւնը հանդարտեցնելու խորհրդակցութիւններուն սկսելու:
Միքաթի ակնկալեց, որ այդ խորհրդակցութիւնները շաբաթներու վրայ երկարին` երկարատեւ կայունութիւն իրականացնել կարենալու համար:
Ան նկատել տուաւ, որ ինք վստահ է, թէ Հըզպալլա պիտի կասեցնէ ռմբակոծումը, երբ Իսրայէլ վերջ տայ իր ռմբակոծումներուն:
Միքաթի աւելցուց նաեւ, որ ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Լիբանան:
Նշենք, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը հերքէ Իսրայէլի այն ենթադրութիւնները, թէ Ժիպէյլի եւ Քեսրուանի մէջ հրթիռարձակումի մարտկոցներ եւ փապուղիներու ցանց մը գոյութիւն ունին:
Իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց Հուլա, Սլուքի հովիտ, Ժըպպայն, Նաքուրա, Պընթ Ժպէյլ, Ժապալ Պլաթ, Ռամիա, Պէյթ Լիֆ, Այնաթա, Պլիտա եւ Հըպպարիէ շրջանները:
Նախանցեալ գիշեր ժամը 10:00-ին իսրայէլեան օդուժը ռմբակոծեց Քաֆրայի եւ Սըտտիքինի միջեւ ճամբուն վրայ գտնուող բնակութեան շէնք մը` պատճառելով երկու քաղաքային զոհ եւ վիրաւորելով ուրիշներ:
Ի պատասխան նախանցեալ օրուան Քաֆրայի դէմ հրթիռակոծումին, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին Դիմադրութեան մարտիկները «Քաթիուշա» տիպի հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Էյլոն բնակեցման վայրը:
Դարձեալ պատասխանելու համար Քաֆրայի մէջ քաղաքայիններ թիրախ դարձնելու իսրայէլեան ռմբակոծումին, երեկոյեան ժամը 6:50-ին, Հըզպալլայի մարտիկները «Ֆալաք» տիպի հրթիռով ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Կորին բնակեցման վայրը:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Դիմադրութեան մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ժալ Օլամ դիրքը, ուր կը գտնուէին իսրայէլացի զինուորներ:
Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Ռամթա դիրքը եւ ուղղակի հարուածներ հասցուցին հոն զետեղուած լրտեսական սարքերուն:
Դիմադրութիւնը ռմբակոծեց նաեւ Քոպրա բարձունքին մօտ գտնուող իսրայէլացի զինուորներու խմբաւորում մը:
Դիմադրութեան մարտիկները յետմիջօրէի ժամը 4:15-ին ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ռուէյսեթ Ալամ դիրքին վրայ գտնուող լրտեսական սարքերը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:
Հըզպալլայի մարտիկներէն Մահմուտ Ալի Համմուտ միացաւ «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:


