Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 2, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 16.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 16.000 լ. ոսկիով, պիւթակազին սակը մնացած է անփոփոխ, իսկ մազութին սակը նուազած է 4000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.657.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.695.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.609.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 944.000 լ. ոսկի:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ յայտնեց, որ օրէնքով սպայակոյտի պետ չկայ` աւելցնելով, որ զայն նշանակելու եղանակը անընդունելի է` սահմանադրութեամբ: Սլիմ աւելցուց նաեւ, որ ինք հիմնական դիտողութիւններ ունի նաեւ Սպայից վարժարանի քննութեանց արդիւնքներուն գծով եւ այդ հարցը պիտի լուծէ բանակի հրամանատարին հետ:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ հսկողութեան սահմանային աշտարակները կը ծառայեն Լիբանանի սահմանային պաշտպանութեան` աւելցնելով, որ կարելի չէ Լիբանանին արգիլել նման հսկողութեան կէտեր ունենալէ:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի յայտնեց, որ դրոշմաթուղթերը իւրացնելու եւ զանոնք սեւ շուկային մէջ վաճառելու ու շահագործելու հարցով ընդհանուր դատախազութիւնը սկսած է իր հետաքննութեան: Հըլու աւելցուց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ պիտի քննարկէ դրոշմաթուղթի շահագործումը կանխարգիլելու միջոցներ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն մեկնեցաւ Իտալիա, ուր պիտի մասնակցի իտալական իշխանութիւններուն կազմակերպած ժողովին` քննարկելու համար լիբանանեան բանակին կարիքները` անոր դիմագրաւած ներկայ արտակարգ տագնապի պայմաններուն ընթացքին: Ժողովին ներկայ պիտի գտնուին նաեւ Իտալիոյ, Սպանիոյ, Գերմանիոյ, Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի բանակներուն հրամանատարները:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որ յայտնեց, թէ Պքերքէ կ՛ողջունէ երկխօսութեան նախաձեռնութիւնները:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ ընդունեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Ճորճ Շթուքըլ Շթիլվըրտը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ կուսակցութեան նախկին նախագահ Ուալիտ Ժոմպլաթ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Հասպանի շեշտեց, որ ոչ ոք կրնայ հանրապետութեան յաջորդ նախագահը պարտադրել` աւելցնելով, որ խորհրդակցութիւնները միշտ ալ առկայ են:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ իրենց համար Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի դէմ իսրայէլեան պատերազմն ու նախագահական ընտրութեան թղթածրարը անջատ են` աւելցնելով, որ Կազայի պատերազմին հետեւանքները պէտք չէ կապել նախագահական ընտրութեան: Խալիլ ընդգծեց, որ իրենց համար նախագահական ընտրութեան մէկ գերիշխան թեկնածու կայ եւ բացայայտօրէն որդեգրած ու յայտարարած են անոր անունը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը համապատասխան կերպով կը հակադարձէ իսրայէլեան իւրաքանչիւր յարձակումի` աւելցնելով, որ Հըզպալլա կը շարունակէ իսրայէլեան բռնարարքներուն հետքերը «դարմանել»: Ան ընդգծեց, որ այդ հետքերուն «դարմանում»-ը Հըզպալլայի համար առաջնահերթութիւն է:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Թրիփոլիի առաջնորդ Եուսեֆ Սուիֆ եպիսկոպոսը ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ յատկապէս Թրիփոլիի տնտեսական եւ ընկերային տագնապալի իրավիճակը:

ՅՈՅՆ կաթողիկէ համայնքի Զահլէ, Ֆըրզոլ եւ Պեքաայի առաջնորդ Իպրահիմ Մխայէլ Իպրահիմ եպիսկոպոսը շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանցի պաշտօնական անձնաւորութիւններուն` Պէյրութ-Պեքաա ճամբուն լուծում մը գտնելու առիթով: Ան մաղթեց, որ այդ լուծումը շուտով կը գործադրուի եւ թուղթի վրայ թանաքի վիճակի մէջ չի մնար:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլան, որուն հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր կացութիւնը: Միւս կողմէ, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ձերբակալած է 3 սուրիացիներ, որոնք ելեկտրական մալուխի գողութեան ցանց մը կազմած էին եւ Լեռնալիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ աւազակութիւններ կատարած:

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն Արգելակած Է Կազայի Մէջ Մարդասիրական Օժանդակութիւններու Սպասող Քաղաքայիններու Սպանդին Համար Իսրայէլը Մեղադրող Ապահովական Խորհուրդի Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Համիէ Թունուզի Դեսպանին Հետ Քննարկեց Թունուզ-Պէյրութ-Թունուզ Ուղղակի Թռիչքները Վերահաստատելու Հեռանկարները

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.